ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Հայաստան մասնակցեցաւ կերպասեղէնի ու հագուստեղէնի առեւտրական ցուցահանդէսին

Պուրժէի (Փարիզեան շրջանի հիւսիսային արուարձան) մէջ Սեպտեմբեր 15-17 տեղի ունեցաւ կերպասեղէնի ու հագուստեղէնի միջազգային առեւտրական ցուցահանդէսը՝ «Texworld Apparel Sourcing Paris», որու ընթացքին բազմաթիւ երկիրներէ նորաձեւութեան ոլորտի արհեստավարժներ իրենց ստեղծագործութիւններն ու արտադրութիւնները ցուցադրեցին 2026-2027 տարեշրջանին ընդառաջ։ Հագուստեղէնի հայաստանեան 11 ընկերութիւններ ներկայ էին՝ «ARMENIA» միասնական տաղաւարով։

Հայկական տաղաւարը կազմակերպուած էր Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան ու Եւրոպական Միութեան միացեալ գանձատրմամբ եւ Առեւտուրի միջազգային կեդրոնի (ITC) աջակցութեամբ։

Սեպտեմբեր 17-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան այցելեց «ARMENIA» տաղաւարը, ծանօթացաւ ներկայացուած արտադրանքներուն եւ զրուցեց ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Քննարկուեցան ֆրանսական ընկերութիւններու հետ գործընկերային կապերու հաստատման, ինչպէս նաեւ հայկական արտադրանքը ֆրանսական շուկայ հասցնելու կարելիութիւններու ընդլայնման հարցեր։