Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՌԵՆՍԻ – Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին այցելութիւնը «Դպրոցասէր» վարժարան՝ Սարդարապատի յաղթանակի տօնին առթիւ

Մայիս 22-ին, Սարդարապատի հերոսական ճակատամարտի յաղթանակի տօնին առթիւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան այցելեց «Դպրոցասէր» վարժարան։

1918 Մայիսին տեղի ունեցած Սարդարապատի հերոսամարտը մեր պատմութեան կարեւորագոյն դրուագներէն է։ Օսմանեան ուժերու յառաջխաղացքին դէմ, հայ ժողովուրդը միաւորուած՝ քաջութեամբ ու հաւատքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել թշնամին՝  կերտելով Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը։

Առաջնորդ սրբազան հայրը այս ոգիով օրհնեց վարժարանի աշակերտները, տնօրէնութիւնը, վարչութիւնը եւ ամբողջ կրթական անձնակազմն ու հաստատութեան գործակիցները։ Ան յորդորեց աշակերտները պահպանելու հայկական ինքնութիւնը՝ որուն համար իրենց նախնիները պայքարեցին եւ զոհուեցան։

«Դպրոցասէր»-ի տնօրէն Հայկ Սարգիսեան եւ Տիկնանց միութեան նախագահուհի Աղաւնի Սարըքայա շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան հօր՝ իր ներկայութեան եւ գօտեպնդող խօսքերուն համար։

Աշակերտները հայրենասիրական երգերով եւ Սարդարապատի պատմութիւնը ներկայացնող ասմունքով յարգանքի տուրք մատուցեցին հերոսներու յիշատակին։

Աւարտին բոլորը համախմբուեցան նախաճաշի սեղաններու շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում եւ քննարկուեցան կրթութեան եւ հայկական արժէքներուն վերաբերող հարցեր։