Փարիզի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան 2026-ի ծրագիրը

Դեկտեմբեր 15-16-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմանի ռազմավարական պաշտպանական խորհրդակցութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին Լեւոն Այվազեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան տնօրինութեան նորանշանակ ղեկավար Կիյոմ Օլանիէի հետ, որմէ ետք պատուիրակութիւններու կազմով քննարկումներ տեղի ունեցան տնօրէնութեան ղեկավարի տեղակալ, զօրավարի տեղակալ Էրիք Փելթիէի հետ։

Հանդիպումներու ընթացքին ամփոփուեցան համագործակցութեան ծիրէն ներս 2025-ին իրականացուած աշխատանքները եւ նախանշուեցան յաջորդ տարուան ծրագրերը։

Կողմերը ընդգծեցին երկկողմանի համագործակցութեան ռազմավարական բովանդակութիւն եւ հաստատութենական բնոյթ հաղորդելու կարեւորութիւնը։

Խորհրդակցութիւններու աւարտին ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան 2026-ի ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ քանի մը տասնեակ միջոցառումներ՝ Զինուած ուժերու գործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ։

Որոշում կայացուեցաւ յաջորդ ռազմավարական պաշտպանական խորհրդակցութիւնները կատարել Երեւանի մէջ։