Փարիզի մէջ, վարչապետ Փաշինեան շեշտեց կրթութեան դերը՝ տեղեկատուական խեղաթիւրումներուն դէմ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փարիզի Խաղաղութեան 8-րդ Համաժողովին ընթացքին, մասնակցեցաւ «Տեղեկատուական ամբողջականութիւն եւ անկախ լրասփիւռներ» բնաբանով բարձր մակարդակի համաժողովին։ Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Մոլտաւիոյ նախագահ Մայա Սանտու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Իր ելոյթին մէջ, վարչապետ Փաշինեան (որ նախկին լրագրող է) նշեց, որ տեղեկատուական տարածքի ամբողջականութիւնը եւ մամլոյ անկախութիւնը հիմնական են ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման համար։

Նոր մարտահրաւէրներ մամլոյ անկախութեան համար

Վարչապետը շեշտեց, որ այսօր լրասփիւռները պէտք է անկախ ըլլան ոչ միայն կառավարութիւններէն, այլ նաեւ «օտար տեղեկատուական խեղաթիւրումներէն եւ միջամտութիւններէն»։ Փաշինեան սա նկատեց ազգային անվտանգութեան հարց, նշելով որ մամուլի դերը հանրային շահին ծառայելն է, կառավարութիւնները հաշուետու պահելը եւ բարեփոխումներու մղելը։

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր Հայաստանի արձանագրած յառաջդիմութեան։ Ան յայտնեց, որ Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային ցուցիչին մէջ (World Press Freedom Index), Հայաստան 2019-էն 2024-ի միջեւ 180 երկիրներու շարքին 80-րդ տեղէն բարձրացած է 34-րդ տեղ։

Լուծումը՝ կրթութիւն եւ լրատուական գիտակցութիւն

Վարչապետը նշեց, որ հիպրիտային սպառնալիքները, արհեստական բանականութեան (AI) աճը եւ ապատեղեկատւութեան զինականացումը (weaponization of disinformation) կը խաթարեն հանրային վստահութիւնը եւ կը բեւեռացնեն հասարակութիւնները։

Այս մարտահրաւէրներուն դէմ, ան որպէս գլխաւոր լուծում առաջարկեց կրթութիւնը։Տեղեկատուական խեղաթիւրումներուն դէմ դիմադրութիւնը պէտք է սկսի կրթութենէն”,ըսաւ ան։ Փաշինեան բացատրեց, որ այսօր իւրաքանչիւր անհատ, որ ձեռքին մէջ խելախօս ունի, կարելիութիւն ունի լրասփիւռ ստեղծելու։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է զարգացնել իւրաքանչիւր անհատի լրատուական գիտակցութիւնը։

Ան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է այս հաւաքական ջանքին նպաստելու եւ յայտարարեց, որ երկիրը կը նախատեսէ միանալ «Հանրային շահերէ մղուած լրասփիւռներու միջազգային հիմնարկ»-ին (IFPIM)։