ՓԱՐԻԶ, 8 Դեկտեմբեր 2025 – Փարիզի քաղաքային խորհուրդի յառաջիկայ նիստին (Դեկտեմբեր 16-19), «Փոխել Փարիզը» (Changer Paris) եւ «MoDem եւ Անկախներ» խմբակցութիւնները պիտի ներկայացնեն միացեալ բանաձեւ մը՝ պահանջելով Ազերպայճանի մէջ պահուող 23 հայ քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը։
Յատկապէս Ռաշիտա Տաթիի, Պրիժիթ Քիւսթէրի, Մոտ Կաթէլի, Տելֆին Պիւրքլիի եւ Ալեքսի Կէօվճեանի կողմէ նախաձեռնուած այս բանաձեւը կը յիշեցնէ Արցախի մէջ 2023-ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ցեղային զտումը եւ ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի հանրապետութեան նախկին ղեկավարներուն (որոնց կարգին՝ Ռուբէն Վարդանեան եւ երեք նախկին նախագահներ) ճակատագրին վերաբերեալ, որոնք այսօր Պաքուի մէջ դէմ յանդիման կը գտնուին ցմահ բանտարկութեան վտանգին։
Փարիզի քաղաքապետութեան անդամները Քաղաքէն,– որ 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շնորհած էր «Պատուոյ քաղաքացի»-ի կոչում,– կը պահանջեն կատարել երկու ազդու քայլեր.
***
Անկարելի է հաւատալ, որ Ազերպայճանի բռնատէր ընտանիքին բազմամեայ հաւատարիմ բարեկամ եւ Ֆրանսայի մէջ այդ երկրին մեծագոյն ջատագով Ռաշիտա Տաթիի նման մէկը յանկարծ «դարձ»-ի եկած ըլլայ։ Ուրեմն կը մնայ միակ ու միւս վարկածը՝ քաղաքական շահերու ազդակը։ Ինչե՜ր ընել չի տար որ սա աթոռի կիրքը։
Արդարեւ, 2026 Մարտ 15-ին եւ 22-ին տեղի պիտի ունենան Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութիւնները եւ Տաթի թեկնածու է Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնին։