Յուլիս 5-ին, Փարիզի 16-րդ քաղաքամասի թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան առաջին աշխատաժողովը (Forum Européen de la jeunesse arménienne)։
Ժողովին ներկայ էին Սփիւռքի գործոց յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Փարիզ 16-րդի թաղապետ Ժերեմի Ռետլեր, Իլ-տը-Ֆրանսի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամ, ծերակուտական Ֆրանսիս Սփիներ եւ այլ հիւրեր։
G2iA (Groupement Interprofessionnel International Arménien) ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած աշխատաժողովին բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։ Ելոյթներ ունեցան իրաւաբան Ֆրանսուա Տեվեճեան, քաղաքագէտ Կայծ Մինասեան, Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան Հայաստան-Ֆրանսա ծրագրերու համակարգող Ֆլորանս Փրովանտիէ։
Կազմակերպիչները՝ սոյն աշխատաժողովի միտք բանին սապէս ծանուցած էին. «Ֆրանսայէն եւ համայն Եւրոպայէն երիտասարդներ քով-քովի պիտի գան հասարակաց մէկ նպատակի շուրջ՝ միանալ, ներշնչուիլ եւ կառուցել մեր սփիւռքի ապագան»։
Նախաձեռնութիւնը ուղղուած էր «18-35 տարեկան երիտասարդներու, ուսանողներու, երիտասարդ արհեստավարժներու, գործարարներու, արուեստագէտներու, կամաւորներու… եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն շաղկապուիլ իրենց արմատներուն հետ եւ յանձնառու դառնալ վաղուան համար»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։