Իւնէսքօ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի 47-րդ նստաշրջանին (Փարիզ) քննարկուած են եւ հաւանութեան արժանացած Հայաստանի ներկայացուցած՝ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը», «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» Իւնէսքօ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու երկու դիմումները:
Դիմումները պատրաստուած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան համակարգումով եւ պատուէրով՝ «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն», «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ համապատասխան գիտնականներու ներգրաւումով:
Իւնէսքօ-ի նիստերը կ’ընթանան Փարիզի մէջ՝ Յուլիս 6–16: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ Կազմակերպութեան մէջ դեսպան Արամ Յակոբեան: ԿԳՄՄ նախարարութենէն նիստերուն կը մասնակցի Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեան՝ որպէս 1972-ի համաձայնագրի համակարգող։
Նշենք, թէ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ Կոտայքի մարզի «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» Իւնէսքօ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ Հայաստանի ներկայացուցած 6-րդ եւ 7-րդ դիմումներն են։ Առաջին 4-ը արձանագրուած են 1995-ին. անոնք են՝ Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները, 5-րդը՝ 2024-ին՝ Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային տարածքը (ցանկերուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝ https://whc.unesco.org/en/statesparties/am)։
Իւնէսքօ-ի համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ արձանագրուած են Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը։
Իւնէսքօ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ արձանագրումին համար պարտադիր է տուեալ յուշարձանի մը ընդգրկումը՝ Կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ։ Այս ուղղութեամբ շարունակական աշխատանք կը կատարուի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։