Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Մարտ 13-ին ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութիւնը։
Ան, X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ. «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման խոչընդոտներ այլեւս չկան. սա ճամբայ կը հարթէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար»։
Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպայի խորհուրդ, Գերմանիա, Իտալիա, Սպանիա, Աւստրիա, Խրուաթիա, Յունաստան, ՀԱՊԿ, ՕԹԱՆ, Վրաստան, Իրան, Չինաստան, Պրազիլ, Մեքսիքա, Սաուտական Արաբիա, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Յունաստան, Քուէյթ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ եւս կ՚ողջունեն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ համաձայնութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։