Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Հայկական շարժարուեստի շուրջ Ինալքոյի՝ հայկական ուսումնասիրութիւններուն նուիրուած 28-րդ օրը

1992-էն ի վեր, Ինալքօն (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ)՝ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ընկերութեան համագործակցութեամբ տարին մէկ օր կը կազմակերպէ «Հայկական ուսումնասիրութեանց նուիրուած օր»-ը։ 

Յունիս 30-ին, «հայկական ուսումնասիրութիւններու 28-րդ օրը» նուիրուած էր հայկական շարժարուեստի 100-ամեակին։ Առաւօտեան նիստը յատկացուած էր հայ շարժարուեստի պատմութեան, գաղափարական խնդիրներուն եւ արտայայտութեան զանազան միջոցներու քննարկումին։ Այս առիթով հրաւիրուած էին Քրիսթիան Ֆեժեյսոն՝ Փարիզ 3 համալսարանի դասախօս եւ « Ecrans turcophones : filmer un tabou » գիրքի հեղինակ, Սերժ Աւետիքեան՝ բեմադիր եւ դերասան, իբրեւ մասնագէտ բանավիճող հրաւիրուած էր համալսարաններու դասախօս Ժան Ռատվանյի։

Նիստին նախագահողն էր Գլէր Մուրատեան (CNRS հետազօտական կեդրոնի նախկին տնօրէնուհի)։ 

100-ամեայ պատմութիւն

Քրիսթիան Ֆեժեյսոն ընդհանրական ձեւով արծարծեց հայկական շարժարուեստի զարգացման փուլերը, հայ շարժագրողներուն իւրայատկութիւնները։ Հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ ընդհանրապէս հայկական շարժարուեստի պատմութեան։ Թէեւ ինք այդ բնագաւառի մասնագէտ չէ, բայց լաւատեղեակ է հարցերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերուն, նկատի ունենալով որ 1920-ական թուականներուն ծնունդ առած հայկական շարժարուեստը չէր կրնար անմասն մնալ այդ արհաւիրքէն։ Բաղդատականը ըրաւ հրէական Ողջակէզին նուիրուած շարժանկարներուն հետ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով այդ երկրին մէջ Ցեղասպանութեան նուիրուած շարժանկարներու արտադրութեան եւ ցուցադրութեան մերժումին։ 

Ցեղասպանութեան թեմային՝ Խորհրդային Հայաստանի շարժարուեստին մէջ ալ չարծարծուելուն, կամ սահմանափակ կերպով արծարծուելուն եւս անդրադարձ կատարուեցաւ։ 

Բնականաբար ան ակնարկեց հայկական սինեմայի թէ՛ ստեղծագործական եւ թէ՛ փաստագրական առաւել ճոխ ֆիլմերուն։ Թերեւս միակ հարցը այն էր, որ բանախօսին իմացութիւնը հիմնուած էր առաւելաբար ոչ-հայախօս շարժանկարներու վրայ, որոնք ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով հասանելի էին լայն հանրութեան, բայց որոշ չափով կտրուած մնաց հայախօս սինեմայի ակունքներէն։ Իր խօսքը աւարտեց Ֆաթիհ Աքընի «Խզումը» (“The cut”) շարժանկարէն հատուած մը ցուցադրելով։

Հայկական շարժարուեստի «Նոր Ալիքը»

Սերժ Աւետիքեան՝ բեմադիր եւ դերասան, ինչպէս նաեւ Ժան Ռատվանյի, խօսք առնելով լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաղորդեցին։ Հարկ է նշել, որ ընդհանրապէս հայկական շարժարուեստի աշխարհը շատ ընդարձակ է, կարելի չէր անոր 100 տարուան պատմութիւնը ամբողջութեամբ ուրուագծել, առանց մասնագիտացած ուսումնասիրութեան։ Այս առնչութեամբ ներկաներէն մի քանի հոգի ափսոսացին բեմին վրայ բացակայութիւնը Արբի Յովհաննիսեանի, որ հայկական շարժարուեստի լաւագոյն գիտակներէն է եւ որ 1980-ականներէն հաստատուած է Ֆրանսա եւ թէ՛ շարժարուեստի եւ թէ՛ թատրոնի բնագաւառներէն ներս ստեղծագործական բեղուն կեանք վարած։

Աւետիքեան այնուհետեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս հայկական սինեմային, յատկապէս 1965-էն ի վեր բոլոր շարժումներուն, մասնաւորապէս Հենրիկ Մալեանի ու Ֆրունզէ Դովլաթեանի ֆիլմերուն, նաեւ՝ իր արտադրած ժապաւէններուն։ Ժան Ռատվանյի ակնարկեց 1980-ական թուականներու AAA-ի (Association Audiovisuelle Arménienne) գործունէութեան, որ երեք փառատօներ կազմակերպած է հայկական շարժարուեստը ծանօթացնելու նպատակով, որոնց ընթացքին նաեւ ներկայացուած են 1960-ական թուականներու ֆիլմերը՝ «Եռանկիւնին», «Աշնան արեւը», Յովհաննիսեանի եւ Դովլաթեանի ֆիլմերը եւ ընդհանրապէս այն օրերու հայկական սինեմայի նմուշները, ուր նաեւ Խորհրդային Հայաստանէն հրաւիրուած էին հայաշխարհի ամէնէն նշանաւոր ֆիլմարտադրողներ ու բեմադիրներ՝ Փարաջանովը եւ Արտաւազդ Փելեշեանը։

Սփիւռքի երիտասարդ սերունդի ֆիլմարուեստի արտադրութիւններ

Ժամը 14-ին տեղի ունեցած միջոցառումը, որ կը կրէր «Սփիւռքի երիտասարդ հայ սինեման» խորագիրը, նուիրուած էր Սփիւռքի երիտասարդ սերունդի ֆիլմարուեստի արտադրութիւններուն, ղեկավարեց Անահիտ Տօնապետեան։ Ցուցադրուեցան հինգ կարճ ժապաւէններ՝ Սփիւռքէն հինգ հայ երիտասարդներու արտադրութեամբ՝ չորսը՝ Հայաստանի մէջ, իսկ հինգերորդը՝ Եգիպտոս պատրաստուած ու նկարահանուած։ Այդ ժապաւէններն էին՝ «Ստորգետնեայ»՝ Յովիկ Յակոբեան, 21 վայրկեաննոց, որ արտադրուած է Երեւան, «la FEMIS»-ի կողմէ, երկրորդը՝ Ալեքսի Բազումեանի «Լեռնային Ղարաբաղ. երկու երախաներ պատերազմի մէջ», 24 վայրկեաննոց փաստագրական ֆիլմը, որ ARTE-ի կողմէ 2020-ին ցուցադրուեցաւ, երրորդը կը կրէր «Զինակոչիկը» (« L’Appelé ») անունը, երիտասարդ Լուիզ Մարթէն Փափազեանի կողմէ 2021-ին պատրաստուած, 11 վայրկեաննոց, չորրորդը՝ Օֆելիա Յարութիւնեանի 23 վայրկեաննոց «Գիւղը որ կանգնի» (2022) ֆիլմը, որ ձեւով մը Հայաստանի մէջ կիներու իրաւունքներուն ու ճակատագրին կը վերաբերի, որոնք յատկապէս սահմանամերձ շրջանները կը բնակին եւ որոնց ամուսինները աշխատանքի համար գացած են Ռուսաստան, իսկ տան բոլոր հոգերը, դաշտի ու ագարակի բոլոր գործերը անոնք կը կրեն իրենց ուսերուն վրայ, որոնք նաեւ իրենց կողակիցներու վերադարձին կը սպասեն։ 

Հինգերորդը՝ 2022-ին պատրաստուած Տեսիլ Մխտիկեանի «Սատանայի գործէն» (“From the work of the Devil”) խորագրեալ ֆիլմն էր, (22 վայրկեան)։ Տասը տարի բացակայութենէ ետք երիտասարդ կին մը կը վերադառնայ Գահիրէ, կազմակերպելու Եգիպտոսի մէջ հայ առաջին լուսանկարիչներու ցուցահանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է Եգիպտահայերը այդ ասպարէզին մէջ բաւական կարեւոր դիրք գրաւած են եւ կրցած իրենց ապրած միջավայրը ներկայացնել՝ լուսանկարներու ճամբով։ Ցուցահանդէսին կազմակերպական աշխատանքներու ընթացքին,– որ կնոջ սպասածէն աւելի կը տեւէ,– որոշ բախումի վիճակ մը կը ստեղծուի…, նկատի ունենալով, որ ընկերը Փարիզի մէջ նոր յարկաբաժին մը վարձելու վրայ է եւ իր ընկերուհիին վերադարձին կը սպասէ, իսկ ընկերուհին ինքզինքը վերագտնելով, Փարիզ վերադառնալը կը յետաձգէ…։ Ան Գահիրէի մէջ կը վերագտնէ իր հին ընկերները, ընտանիքը, ինքնութիւնն ու մշակոյթը։ Ի վերջոյ ցուցահանդէսը շատ հետաքրքրական ձեւով եգիպտահայ համայնքի խնդիրները կը ներկայացնէ։

Վերոնշեալ հինգ ֆիլմերու ներկայացումէն ետք կլոր-սեղան վիճարկում մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Սերժ Աւետիքեանի եւ Կորիւն Ափրիկեանի։ 

Հայկական ուսումնասիրութիւններու 28-րդ օրուան ծրագիրը պատրաստած էր Վարդուշկա Սամուէլեան։

Թ. Շ. ■