Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. «Ռազմագերիները ազա՛տ արձակեցէք»

CCAF-ի ցոյցը

Ընդա­ռաջե­լով CCAF-ի կոչին՝ Կի­րակի, Սեպ­տեմբեր 26-ի յետ­մի­ջօրէին, անձրե­ւոտ օդով, շուրջ հա­զար հո­գի հա­ւաքուած էր Ազէր­պայճա­նի Փա­րիզի դես­պա­նատան դի­մաց, պա­հան­ջե­լու հա­մար Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մին գե­րեվա­րուած հա­յոր­դի­ներու ան­յա­պաղ ազատ ար­ձա­կու­մը։ Այս առ­թիւ խօսք առին CCAF-ի հա­մանա­խագահ­ներ Մու­րատ Փա­փազեան, Արա Թո­րանեան, Հայ դա­տի յանձնա­խումբի նա­խագահ Ժիւլ Պո­յաճեան, նաեւ ֆրան­սա­կան քա­ղաքա­կան դա­սու պաշ­տօ­նական դէմ­քեր բո­լոր հո­սանքնե­րը ներ­կա­յաց­նող, ինչպէս՝ Իզա­պէլ Սան­թիակօ (ըն­կե­րավա­րական), Փաթ­րիք Քա­րամ (հան­րա­պետա­կան), Փիէր Ու­զուլիաս (հա­մայ­նա­վար), Ար­թիւր Խան­ճեան (կեդ­րոն), Ալեք­սի Կէօվ­ճեան (իշ­խա­նու­թեան «Յա­ռա­ջա­ցող Հան­րա­պետու­թիւնը» կու­սակ­ցու­թիւն)։ Նոյ­նիսկ Վան քա­ղաքի HDP-ական նախ­կին քա­ղաքա­պետ, Էր­տո­ղանի վար­չա­կար­գին կող­մէ պաշ­տօ­նազրկուելէ ետք Ֆրան­սա աք­սո­րուած Վեյ­սէլ Քե­սեր ներ­կայ էր ու խօսք առաւ, դա­տապար­տե­լով թրքա­կան մեղ­սակցու­թեամբ կա­տարուած յար­ձա­կու­մը, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու կոպ­տա­գոյն խախ­տումնե­րը, խստօ­րէն պար­սա­ւեց Էր­տո­ղանի Թուրքիոյ ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րը Սու­րիոյ մէջ։ Յի­շեց նաեւ Վա­նի մէջ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու վայ­րա­գու­թիւննե­րը եւ պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու հան­դէպ անոնց ան­տարբե­րու­թիւնը եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտումը… ■