ՓԵՔԻՆ – Վարչապետը ներկայ եղած է երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտի 80-ամեակին նուիրուած շքերթին

Սեպտեմբեր 3-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փեքինի մէջ ներկայ եղած է երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտի 80-ամեակին նուիրուած շքերթին։

Արարողութեան ներկայ գտնուած են Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին մասնակցող պետութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներու առաջնորդներ։