Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Մարտ 15–31 Լիզպոնի «Փորթուկալական սինեմաթեք» թատրոնին մէջ կը ցուցադրուին աշխարհահռչակ բեմադիրին ժապաւէնները։
«Գաղտնի աշխարհը» խորագրեալ ցուցադրութեանց բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են «Սինեմաթեք»-ի տնօրէն Ռուի Մաշատօ, Հայաստանի շարժարուեստի հիմնադրամի տնօրէն Դաւիթ Բանուչեան, «Փորթուկալ-Հայաստան» բարեկամութեան ընկերակցութեան հիմնադիր նախագահ Վահէ Մխիթարեան։
Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ «Նռան գոյնը», «Յակոբ Յովնաթանեան» ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ հատուածներ՝ «Խոստովանանք» անաւարտ գործէն։
Նշենք, թէ սոյն ծրագրին՝ Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը իրականացուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։