Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է Եւրոպայի ամէնէն մեծ կազային հանգոյցը ստեղծել Թուրքիոյ մէջ։ Ան այս նիւթին անդրադարձած է «Ռուսական ուժանիւթի շաբաթը» խորագրով խորհրդաժողովին։ Փութին նշած է, որ Ռուսաստան կրնայ «Հիւսիսային հոսք»-էն (Nord Stream) կազի տարանցումը փոխադրել Սեւծովեան տարածաշրջան եւ Թուրքիա։
“«Թրքական հոսք»-ով ներկայիս Եւրոպայի կը մատակարարուի 14 միլիառ խորանարդ մեթր կազ։ Նկատի ունենալով Պալթեան ծովու յատակին՝ «Հիւսիսային հոսք»-ի արձանագրած կորուստները (նկատի ունի Սեպտեմբեր 26-ին եւ 29-ին տեղի ունեցած՝ խողովակաշարի պայթումները, զորս ինք կ՚որակէ ահաբեկչութիւն – «ՆՅ»), կրնանք այդ մատակարարումը կատարել Սեւ ծովու տարածաշրջանով, եւ մեր վառելիքի հիմնական ուղեգիծը սահմանել Թուրքիայէն դէպի Եւրոպա՝ այդ երկրին մէջ ստեղծելով ամէնէն մեծ կազային հանգոյցը, անշուշտ եթէ այս հարցով հետաքրքրուած են մեր գործընկերները”,– յայտնած է Ռուսաստանի նախագահը։
Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսանդր Նովաք ըսած է, թէ իր երկիրը պատրաստ է աւելցնելու դէպի Թուրքիա քարիւղի մատակարարումները, պատկան ընկերութիւններու միջոցով։
Աւելցնենք, որ այժմ Ռուսաստան Եւրոպական Միութեան կազ կը մատակարարէ միայն Ուքրաինայի տարածքով՝ օրական շուրջ 42 միլիոն խոր. մեթր ծաւալով, ինչպէս նաեւ «Թրքական հոսք»-ի մէկ գիծով (օրական շուրջ 45 միլիոն խոր. մեթր):
***
Հետաքրքրական է, չըսելու համար ծիծաղելի, նո՛յնիսկ անհեթեթ, որ մէկ կողմը՝ Եւրոպական Միութիւնը, միւս կողմը՝ Ռուսաստան, մէկը միւսին պատիժներ կը սահմանէ, միւսը խողովակները փակելով կը հակադարձէ պատիժներուն… եւ ի վերջոյ դարդարձիկ միջոցներով (անգամ մը եւս ի շահ Թուրքիոյ) միջոցներ կ՚որոնեն իրարու հետ գործակցելու համար։