Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին և Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 12-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են ու քննարկած՝ Ղազախստան գտնուող խաղաղապահ զօրակազմի աշխատանքի ընթացքը: Կողմերը ընդգծած են այդ երկրին մէջ տիրող կացութեան կարգաւորման նպաստող գործողութիւններու համակարգման անհրաժեշտութիւնը։
Երկուստեք անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ՝ Ռուսաստանի, Ազէրպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ կայացած համաձայնութեանց առնչուող հարցեր։