Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմի շրջադարձային փուլը
Շաբթուան սկիզբը, Ռուսաստանի յայտարարած՝ Ուքրաինայի Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի շրջաններուն մէջ Ռուսաստանին կցումի հարցով հանրաքուէն հակառակ միջազգային հանրութեան (բացառութեամբ՝ անոր բարեկամ պետութիւններուն) բոլոր ազդարարութիւններուն՝ տեղի ունեցաւ եւ, «առանց անակնկալի», ամէնուրեք «այո՛»-ն յաղթանակ տարաւ միջին հաշուով 95%-ով։
Եւրոպական Միութիւնը այս «թատերական» հանրաքուէին նախօրեակին՝ յայտարարելով իր ընդդիմութիւնը նման քայլի, Մոսկուային ազդարարութիւն յղած էր պատիժները աւելի խստացնելու սպառնալիքով. նման սպառնալիքներով նոյն ազդարարութիւնը ըրած էր նաեւ Ուաշինկթըն՝ յայտարարելով թէ «Երբե՛ք, երբե՛ք, երբե՛ք» պիտի չճանչնայ այդ հանրաքուէին արդիւնքները։
Բայց, ըստ երեւոյթին՝ այս խիստ հակազդեցութիւնները ստորակէտ մ՚իսկ չեն յաջողած փոխել Փութինի մտադրութիւններէն, քանի որ վերջինս Սեպտեմբեր 30-ին այս առիթով կազմակերպուած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին ունեցած ելոյթին «կը պաշտօնականացնէր» այդ չորս շրջաններուն՝ Ռուսաստանի կցումը։ Այս մէկը վստահաբար նոր եւ ծանրակշիռ հարուած մը պիտի ըլլայ պատերազմը դադրեցնելու ջանքերուն, ե՛ւ հրադադարի կարելիութեան, անշուշտ՝ եթէ կար։
ԱՆԳԱՐԱ ՉԻ ԾՐԱԳՐԵՐ ՃԱՆՉՆԱԼ
Թուրքիա եւս չի պատրաստուիր ճանչնալու Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խերսոնի եւ Զափորոժիէի շրջաններուն Ռուսաստանի կցումը, ինչպէս որ չէր ճանչցած Խրիմի պարագային: Այս մասին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու յայտնած է Թոքիոյի մէջ,– ուր կը գտնուէր աշխատանքային այցով,– տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
“Մենք Խրիմի բռնակցումը չենք ճանչնար եւ Ռուսաստանին իմացուցած ենք այդ մասին: Մտահոգութիւն յայտնեցինք Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի հանրաքուէներուն վերաբերեալ: Հասկցուցինք, որ այդ հանրաքուէները չենք ճանչնար”,– ընդգծած է Չաւուշօղլու: