«Քարերու սիմֆոնիա» յուշարձանի ապօրինի սեփականաշնորհուած հատուածը վերադարձուած է պետութեան

Կոտայ­քի մար­զի Գառ­նի հա­մայնքի «Քա­րերու սիմ­ֆո­նիա» բնա­կան յու­շարձա­նի ապօ­րինի սե­փակա­նաշ­նորհուած հո­ղամա­սը վե­րադար­ձուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան։ Այս մա­սին որո­շու­մը ըն­դունուած է կա­ռավա­րու­թեան Դեկ­տեմբեր 4-ի նիս­տին։

“Գոյ­քը կը գտնուի Գառ­նի հա­մայնքին մէջ՝ «Պա­զալ­թէ եր­գե­հոն», հան­րութեան առա­ւելա­բար՝ «Քա­րերու սիմ­ֆո­նիա» անու­նով ծա­նօթ բնու­թեան յու­շարձա­նի տա­րած­քին մէջ. 0,1 հեկ­տար մա­կերե­սով հողամաս մըն է։ Պե­տական եւ հա­մայնքա­յին շա­հերու պաշտպա­նու­թեան լիազօ­րու­թեան ծի­րէն ներս, Կո­տայ­քի մար­զի դա­տախա­զու­թեան կող­մէ, կա­տարուած է ու­սումնա­սիրու­թիւն եւ ներ­կա­յացուած է դի­մում։ Ար­դիւնքը՝ վե­րականգնուած է Գառ­նի հա­մայնքի սե­փակա­նու­թիւնը նշուած տա­րած­քին նկատ­մամբ, որ կը գտնուի բնա­կան յու­շարձա­նի տա­րած­քին եւ են­թա­կայ է յա­տուկ պահ­պա­նու­թեան”,– ըսած է Գլխա­ւոր դա­տախազ Ան­նա Վար­դա­պետեան։ ■