Ինչպէս հաղորդած էինք, Օգոստոս 21-ին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Քարվաճառի մէջ շուրջ մէկ ժամ տեւած ճառ մը խօսած է։
Ստորեւ կու տանք ազերպայճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեանի թարգմանութեամբ այդ ելոյթէն հատուածներ, որոնց ոչ-բոլոր բաժինները ներկայացուած են հայ հանրութեան։
«Որոշեցի այդ ելոյթէն բառացիօրէն որոշ հատուածներ թարգմանել, ուր բռնապետը հայ ժողովուրդի նկատմամբ բազմիցս գործածած է “թշնամի” եզրը,– կը գրէ Հայրապետեան,– նկատի ունենալով որ վերջինս ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի մօտ դերասանութիւն կ՚ընէր, թէ խաղաղութեան կը ձգտի»։
«Մեր նպատակն էր, որ մեր հողերուն վրայ ո՛չ մէկ անջատողական պիտի մնար։ Անջատողականութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ եւ ոչնչացուի կանուխէն, եւ մենք այդ է որ ըրինք։ Քանի մը ժամ տեւած հակաահաբեկչական գործողութեան շնորհիւ անջատողականութեան զինուորական վարչակարգը (junte) ստորագրեց անձնատուր ըլլալու փաստաթուղթը, որ կը նշանակէր կեղծ հանրապետութեան փլուզումը։
Մեզի համար 2023 Սեպտեմբեր 19–20-ը նոյնքան փառաւոր եւ պատմական օրեր են, որքան Նոյեմբեր 8-ը։ Այդ օրէն ի վեր ազերպայճանցի ժողովուրդը կ՚ապրի խաղաղութեան մէջ եւ համոզուած եմ, պիտի շարունակէ ապրիլ խաղաղութեան պայմաններուն տակ։ Դուք գիտէք, որ Հայաստան-Ազերպայճան հաշտութեան գործընթացը գրեթէ աւարտած է եւ ստորագրուած փաստաթուղթերը լիովին կը համապատասխանեն մեր շահերուն։ Մենք հասած ենք մեր ուզածին, արգահատելի Մինսքի խումբը կ՚ապրի իր վերջին օրերը։
Մենք թշնամիէն վրէժ լուծեցինք մարտադաշտին վրայ։ Մենք կրկին ցուցադրեցինք մեր ժողովուրդին մեծութիւնը։ Մենք անոնց հետ չվարուեցանք այնպէս, ինչպէս անոնք՝ մեզի հետ։ Սակայն ինչ որ ըրին անոնք, երբեք պիտի չջնջուի մեր յիշողութենէն, ներառեալ Քելբաջարի ժողովուրդին դէմ անոնց գործած պատերազմական յանցագործութիւնները։ Ցեղասպանութիւնը, Խոճալուի ցեղասպանութիւնը, մեր ժողովուրդին դէմ այլ շրջաններու մէջ դրսեւորուած թշնամանքն ու վայրագութիւնը երբեք պիտի չմոռցուին եւ պէտք չէ մոռցուին։
Ես սա կ’ըսեմ իբրեւ պատերազմին յաղթական երկրի գերագոյն ընդհանուր հրամանատար եւ իբրեւ Հայաստանի հետ՝ պարտուած Հայաստանի հետ հաշտութեան գործընթացին մասնակից։ Մենք պատերազմ չենք ուզեր։ Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք։ Բայց այդ արիւնոտ պատմութիւնը երբեք պէտք չէ մոռցուի։ Մենք պէտք չէ մոլորուինք քաղցր խօսքերով եւ միշտ պէտք է զգուշ ըլլանք։ Ի հարկէ, մեր բանակը ամէն վայրկեան, ամէն օր կը պաշտպանէ մեր պետութեան շահերն ու ապահովութիւնը։ Մենք կը հետեւինք, կը տեսնենք եւ պիտի բացայայտենք կարելի բոլոր վտանգներուն աղբիւրները։ Մենք պիտի շարունակենք հզօրացնել մեր ռազմական ներուժը։ Երկրորդ Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք, մենք հազարաւորներով աւելցուցինք մեր յատուկ նշանակութեան ուժերուն թիւը թէ՛ Կասպից ծովուն, թէ՛ ալ միւս բոլոր զինուած ուժերուն մէջ։ Ես չեմ ուզեր նշել յստակ թիւ, բայց ան մեծ է։ Ստեղծուեցան նոր յատուկ առաքելութեան խումբեր (քոմանտօ)։
Ազերպայճանական պետութիւնը եւ ժողովուրդը միացան բռունցքի պէս։ Եւ մենք ընդամէնը 44 օրուան ընթացքին ստիպեցինք Հայաստանը ստորագրելու անձնատւութեան փաստաթուղթը։ 44-օրեայ Հայրենական պատերազմը մեր փառաւոր պատմութիւնն է։ Մենք ամէն օր կը յառաջանայինք։ Ո՛չ ոք կը լքէր մարտադաշտը։ Չկար ո՛չ մէկ դասալիք։ Սա ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդին բարձր յատկանիշերը. սա կը վկայէ, որ մեր ամբողջ ժողովուրդն ու բանակը պատրաստ էին մեռնելու Հայրենիքին համար։
Իրենց իսկ գնահատումով՝ հայկական բանակին մէջ եղած է 12.000 դասալիք։ Երբ աւարտեցաւ Հայրենական պատերազմը, Քելբաջարը, Լաչինն ու Աղդամին մեծ մասը տակաւին գրաւուած էր։ Սակայն անձնատւութեան փաստաթուղթին ստորագրմամբ մենք Հայաստանը ստիպեցինք վերադարձնելու այդ շրջանները։ Այսինքն՝ Քելբաջարը ազատագրուեցաւ առանց մէկ փամփուշտի։
Եթէ մէկուն հիւանդ ուղեղին մէջ ծագի Ազերպայճանի դէմ հրահրութիւն կատարելու մտադրութիւն, կը կարծեմ՝ նորէն պիտի զղջան ատոր համար։ Ասկէ ետք մենք պիտի ապրինք իբրեւ յաղթական ժողովուրդ եւ յաղթական պետութիւն։
Նոյնիսկ Երկրորդ Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք անոնք միջնորդներու միջոցով ժամանակ կ’ուզէին մեզմէ՝ իրենց իրերը հաւաքելու համար։ Եւ մենք իրապէս ժամանակ տուինք։ Իսկ ի՞նչ ըրին անոնք։ Ամէն ինչ այրեցին ու ծառերը կտրեցին։ Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ նման բան ընել։ Չէ՞ որ այդ ըրին ոչ միայն անջատողականներուն ղեկավարները։ Անոնք այդ ըրին զանգուածաբար։ Այսինքն՝ մենք պէտք է յստակ գիտակցինք, թէ ո՛վ է մեր դիմաց եւ ո՛վ է մեր դրացին։ Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր անցեալը եւ մի՛շտ պէտք է զգօն ըլլանք։
Վստահ եմ, որ բոլոր այս գործօնները մեզի կարելիութիւն պիտի ընձեռեն միշտ ըլլալու առաւելութեան դիրքին մէջ։ Նորէն կ՚ըսեմ՝ մենք սա յայտարարեր ենք իբրեւ յաղթական ժողովուրդ։ Մենք պիտի չմոռնանք այդ չարութիւնն ու վայրագութիւնը։ Բայց մենք մտադիր չենք այլեւս պատերազմիլ ոեւէ մէկուն հետ։ Եթէ բախինք սպառնալիքի, ապա բոլորն ալ նորէն պիտի տեսնեն մեր երկաթէ բռունցքը»։
Տաթեւիկ Հայրապետեան կը շարունակէ.
«Ալիեւի ելոյթին բազմաթիւ ռազմատենչ ու թշնամանք պարունակող դրոյթները նոյնությամբ, նոյնիսկ բառացիօրէն առկայ են անոր նախորդ ելոյթներուն մէջ։ Իբրեւ թէ պատերազմ չփափաքող Ալիեւ ուաշինկթընեան հանդիպումէն անմիջապէս ետք լծուած է թշնամանքի ու ռազմատենչութեան նոր քարոզի։ Մարդը, որ “խաղաղութեան աղաւնի” կը ձեւանար Թրամփի քով, արդէն վերադարձին կ՚ըսէ, թէ հայերը “թշնամի” են, “վայրագ”, “մարդ չեն” ու ազերպայճանցի ժողովուրդը պէտք չէ մոռնայ, թէ ովքեր են իր դրացիները։ Կ՚ըսէ նաեւ, որ միշտ պէտք է ըլլան առաւելութեան դիրքերուն վրայ Հայաստանի հանդէպ՝ նաեւ զարկ տալով հետագայ ռազմականացման, ընդ որում, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ըսեն, թէ այլեւս չեն ուզեր ընդլայնել ռազմական ամավարկը, քանի որ խաղաղութիւն կը տիրէ։
Եւ այս տրամաբանութեամբ ալ Հայաստանի իշխանութիւնները հայ հանրութիւնը կը փորձեն համոզել, թէ խաղաղութիւն կը տիրէ, պէտք է այլեւս չդիտել Ազերպայճանը իբրեւ հակառակորդ։ Ալիեւ ալ կը խոստանայ, որ եթէ նոյնիսկ մեզ համոզեն մոռնալու մեր հայ ըլլալը, մոռնալու մեր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, իրենք ոչինչ պիտի չմոռնան։ Ահա այսպէս ցեղային զտում, բռնի տեղահանութիւն, պատերազմ մղած Ալիեւ ինքզինքին թոյլ կու տայ խօսիլ թշնամանքի լեզուով ու դառնալ “խաղաղութեան աղաւնի”»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։