ՔԻԿԱԼԻ – Հայաստան աշխուժօրէն յառաջ կը մղէ «Կիներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» օրակարգը

Ֆրանսախօսութեան նախարարական համաժողովի 46-րդ նստաշրջանին, որ տեղի կ՚ունենայ Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է «Փեքինի համաժողովէն 30 տարի ետք. կիներու ներդրումը ֆրանսախօս տարածքին մէջ» բնաբանով քննարկման ընթացքին:

Իր խօսքին մէջ փոխնախարարը մասնաւորապէս նշած է.

“… Կիներու հարցերով 4-րդ համաշխարհային համաժողովի՝ Փեքինի հռչակագրի եւ Գործողութիւններու ծրագրի ընդունման 30-ամեակը լաւ առիթ է արձանագրելու յառաջընթացը եւ քննարկելու մարտահրաւէրներն ու զանոնք յաղթահարելու ուղիները: Փեքինի հռչակագիրը եւ Գործողութիւններու ծրագիրը կը շարունակեն մնալ առանցքային ուղեցոյց՝ աշխարհի մէջ կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքներու լիարժէք գործադրման եւ հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ յառաջխաղացման տեսանկիւնէն: Ուրախալի է, որ տարիներու ընթացքին անոնք լրացուած են այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններով եւ այդ գործընթացէն անմասն չէ մնացած նաեւ մեր կազմակերպութիւնը:

2018 թուականին Երեւանի մէջ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին ընդունուեցաւ Կիներու եւ այրերու իրաւուքներու հաւասարութեան, կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքներու եւ անկախութեան խթանման ուղղուած ռազմավարութիւնը՝ վերահաստատելով այդ ուղղութեամբ յանձնառութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով ֆրանսախօսութեան կողմէ թիրախային նախաձեռնութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը:

Կը փափաքէի վերահաստատել կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ առաջնորդութեան խթանման Հայաստանի յանձնառութիւնը: Շնորհիւ իրականացուած աշխատանքներուն՝ կիներու թուական եւ որակական դերակատարութեան աճ արձանագրուած է Հայաստանի կառավարման տարբեր ոլորտներուն մէջ: Հայաստանի ներկայ կառավարութեան նախարարներուն 30 տոկոսը կիներ են: Մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ունինք կին Ներքին գործոց նախարար եւ Գլխաւոր դատախազ։ Նոր ձեւաւորուած ՀՀ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պետը եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանը եւս կիներ են։

Տարուէ-տարի կ՚աւելնայ նաեւ կին երեսփոխաններու թիւը. ներկայ պահուն անոնք կը կազմեն աւելի քան 36%:

Հայաստան աշխուժօրէն յառաջ կը մղէ «Կիներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» օրակարգը միջազգային հարթակներու վրայ եւ ազգային մակարդակով։ Արդէն իսկ աւարտին հասցուցած ենք այս օրակարգի երրորդ ազգային ծրագրի աշխատանքները: Ծրագիրը կը կրէ «Ներդրում խաղաղութիւն ապահովելու համաշխարհային ջանքերուն» խորագիրը եւ կը վերահաստատէ խաղաղութեան օրակարգի կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ «Կիներ, խաղաղութիւն, անվտանգութիւն» շրջանակին մէջ յանձնառութիւններու իրականացման միջոցով …”: