Ժամանակի սղութեան եւ թեքնիք խնդիրներու պատճառով «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանը չէր յաջողած մասնակցիլ անցեալ Յունիս 11-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած աճուրդին, ուր վաճառքի դրուած էր «Սամուէլեան» գրատան ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հաւաքածոն։
Մատենադարանի տնօրէնը բազմիցս ընդգծած է գրաւոր ժառանգութեան սեփականատէրերուն հետ ուղղակի բանակցութիւններու կարեւորութիւնը:
Յուլիս 31-ին, Կարապետ Եսայեանի ընտանիքը, որ մասնակցած էր նշեալ աճուրդին, իր գնած հնատիպ գիրքերը նուիրած է Մատենադարանին:
«Այս քայլը կարեւոր է ոչ միայն Մատենադարանի հաւաքածոները ամբողջացնելու առումով, այլեւ ունի բարոյական նշանակութիւն։ Ան յատուկ ուղերձ մըն է համայն հայութեան՝ միանալու Մատենադարանի նախաձեռնած “Մատեաններու տունդարձը” արշաւին։
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Եսայեան ընտանիքին՝ ազգային մշակոյթի հանդէպ նման բարձր վերաբերումին համար»,– նշուած է Մատենադարանի տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։