«Ֆասթ Պանք»-ի հովանաւորութեամբ 16 հազար 667 ծառ պիտի տնկուի Լոռիի մէջ

«Ֆասթ Պանք»-ը (Fast Bank)՝ Հայաստանի Կեդ­րո­նական դրա­մատան, Հա­յաս­տա­նի դրա­մատու­նե­րու միու­թեան եւ «Իմ ան­տառ Հա­յաս­տան» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան մի­ջեւ ստո­րագ­րուած եռա­կողմ յու­շագրի ծի­րէն ներս, 12 մի­լիոն 250 հա­զար դրամ տրա­մադ­րած է Լո­ռիի մար­զին մէջ նոր ան­տա­ռապատումի ծրա­գրին։ «Ֆասթ Պանք»-ի գանձատրմամբ 5,55 հեկտար տա­րած­քի վրայ 16 հա­զար 667 ծառ պի­տի տնկուի։

Դրա­մատու­նը, ըն­կե­րային, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­թիւ ծրա­գրե­րուն զու­գա­հեռ, առաջ­նա­հերթութիւն կու տայ նաեւ Հա­յաս­տա­նի բնա­պահական խնդիր­նե­րու յաղ­թահար­ման, քա­նի որ բնու­թեան պահ­պանու­թիւնը, անա­պատա­ցման ու օդի ապա­կանու­թեան դէմ պայքարները լրջա­գոյն մարտահրաւէրներ են, որոնք այ­սօր հրա­տապ լու­ծումներ կը պա­հան­ջեն։ Դրա­մատու­նը տար­բեր նա­խաձեռ­նութիւննե­րով ար­դէն իսկ աջակ­ցած է բնա­պահ­ական ծրա­գրե­րու եւ այս ներդրու­մով եւս պի­տի նպաս­տէ կա­նաչա­պատ տա­րածքնե­րու ընդարձակման։

Ան­տառապատումը պի­տի իրա­գործէ «Իմ ան­տառ Հա­յաս­տան» կազ­մակերպութիւնը։ Նա­խատե­սուած է յա­ռաջի­կայ 3 տա­րուան ըն­թացքին 100 հեկտար նոր ան­տառ հիմ­նել Լո­ռիի մար­զի Փամ­բակ հա­մայնքի Լեռ­նա­ջուր բնա­կավայ­րի հո­ղերուն վրայ։ Ընդհա­նուր առ­մամբ պի­տի տնկուի 300 հա­զար տե­ղական ան­տա­ռային տե­սակի ծառ։ Ծրա­գրի աւար­տին հա­մայնքա­յին հո­ղերը եւ անոնց վրայ ձե­ւաւո­րուած ան­տա­ռային մի­ջավայ­րը պի­տի վե­րադար­ձուին հա­մայնքին, եւ ան­տա­ռը պի­տի դառ­նայ հա­մայնքի սե­փակա­նու­թիւնը։ Ան­տառապատման հա­մար հա­մատեղ պի­տի ծախ­սուի 250 մի­լիոն դրամ։

«Իմ ան­տառ Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պութեան հիմ­նա­դիր եւ տնօ­րէն Անտրէ Կիւ­միւշճեան ընդգծած է, որ նոր ան­տառնե­րու հիմ­նումը եր­կա­րաժամ­կէտ ներդրում է, որ կա­րեւոր է մեր երկրի կա­յուն տնտե­սական զար­գացման հա­մար։ Հայաստանի Կեդ­րո­նական դրա­մատան նա­խագահ Մար­տին Գալստեանն ալ նշած է. “Հա­մոզուած եմ՝ այս աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կական պի­տի ըլ­լայ, եւ մեր հա­մատեղ ջան­քե­րը պի­տի կեր­տեն այն Հա­յաս­տա­նը, զոր պար­տա­ւոր ենք թողելու հե­տագայ սե­րունդնե­րուն”։

Ծրա­գիրի իրա­կանա­ցու­մը պի­տի նպաս­տէ օդի ապա­կան­ութեան նուազու­մին, ջրա­յին պա­շար­նե­րու պահ­պանման, հո­ղի քայ­քայման ու անա­պատաց­ման դէմ պայ­քա­րին եւ հա­մայնքնե­րուն մէջ կա­յուն, կա­նաչ զար­գացման կարելիու­թիւննե­րու ստեղծման։ ■