«Ֆիկառօ» օրաթերթը առանձնացուցած է աշխարհի հինգ «վարդագոյն» քաղաքները՝ ցանկին մէջ ներառելով Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Վարդագոյն քաղաքներէն երեքը Ֆրանսա կը գտնուին՝ Թուլուզ, Ալպի եւ Մոնթոպան, իսկ միւսը Հնդկաստանի Ժայփուր քաղաքն է:
«Կեանքը վարդագոյն ակնոցով տեսնելու համար պէտք չէ սպասել սիրային նամակներու: Այդ քաղաքները այցելելը բաւական է այս գոյնին ուրախութիւնը զգալու համար»,– նշուած է «Ֆիկառօ»-ի հրապարակած յօդուածին մէջ, ուր յիշատակուած են Հայաստանի «Հանրապետութիւն» հրապարակի գունային ներդաշնակութիւնը, վարդագոյն տուֆէ շէնքերը:
«Հակառակ անոր որ Երեւան աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներէն մէկն է՝ հիմնադրուած Հռոմէն առաջ՝ Ք.ա. 782 թուականին, սակայն «վարդագոյն քաղաք» անուանումը տրուած է 20-րդ դարուն՝ խորհրդային վերակառուցման ժամանակ: Ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան, որուն վստահուած էր քաղաքին ձեւաւորումը 1920-1930-ական թուականներուն, որոշած է զայն դարձնել քաղաքային ներդաշնակութեան խորհրդանիշ՝ լայնօրէն գործածելով վարդագոյն տուֆը մեծ պողոտաներուն եւ կեդրոնական հրապարակներու շէնքերուն մէջ»,– կ՚ընդգծէ գրութիւնը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։