Ֆութպոլի 2026-ի Համաշխարհային բաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ երեք երկրի` Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ, Յունիս 11-էն Յուլիս 19։
Ֆութպոլի համաշխարհային դաշնակցութիւնը՝ ՖԻՖԱ—ն կատարած է իր ընտրութիւնը ինչ կը վերաբերի վերոնշեալ երեք երկիրներու յատուկ երեք խորհրդանշաններուն։ Գանատան պիտի ներկայացնէ եղջերու մը` Մէյփըլ անունով: Մեքսիքայի խորհրդանիշը ամերիկեան յովազ Զայուն է, իսկ Միացեալ Նահանգներունը՝ Քլաչ անունով արծիւը:
Միւս կողմէ, ինչպէս գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, Թրամփ հոս եւս չէ կրցած չմիջամտել, այդպէսով յառաջացնելով թէ՛ դժգոհութիւն, թէ՛ մտահոգութիւն։ Բանն այն է, որ ԱՄՆ—ու նախագահը սպառնացած է աւանդաբար իրեն ընդդիմադիր քաղաքները, ինչպէս՝ Լոս Անճըլըսը, Սան Ֆրանսիսքօն եւ Սիէթըլը, յայտարարելով որ կրնայ զանոնք զրկել մրցումներ հիւրընկալելու իրաւունքէն, ապահովական անհրաժեշտ երաշխիքներ չներկայացնելու պատրուակով: ■