Նոյեմբեր 24-25 Ֆլորանսայի համալսարանի SAGAS (Պատմութիւն, հնագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, արուեստ եւ թատրոն) բաժինին մէջ կայացաւ միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Թ.–ԺԴ. դարերու հայ եւ վրացի առաքինի կիներու։ Ձեռնարկը միաւորեց Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Վրաստանէն, Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն, Թուրքիայէն եւ Ֆրանսայէն ժամանած ճանչցուած գիտնականներ։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ֆլորանսայի համալսարանի բիւզանդագիտութեան դասախօս եւ «Armenia Entangled» (ArmEn) եւրոպական հետազօտական ծրագիրի ղեկավար Զարա Պօղոսեանի, ինչպէս նաեւ նոյն ծրագիրի անդամ, պատմաբան եւ ձեռագրագէտ Գոհար Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ։
Գիտաժողովին ուսումնասիրուեցաւ հայ եւ վրացի կիներու դերը՝ որպէս եկեղեցիներու, վանական կեդրոններու, կրթական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու հովանաւորներ։

Բացման խօսքով ներկաներուն դիմեց SAGAS բաժինի տնօրէն, փրոֆ. Ֆուլվիօ Չերուինին։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան։ Ան ընդգծեց հայ եւ վրացի կիներու մեծարժէք դերակատարութեան պատմագիտական ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ միջազգային այսպիսի հեղինակաւոր մասնագէտներ համախմբելնուն համար։

Սրբազան հայրը՝ յղում կատարելով Սուրբ Գիրքին եւ պատմութեան՝ ընդգծեց, որ Նոր Կտակարանի մէջ կիները երկրորդական կերպարներ չեն, այլ փրկագործութեան իրական դերակատարներ։ Ան յիշեցուց, որ Թ.–ԺԴ. դարերուն հայ եւ վրացի թագուհիներն ու իշխանուհիները մեծապէս աջակցած եւ նպաստած են եկեղեցիներու ու վանքերու կառուցման, կրթական հաստատութիւններու հիմնադրման եւ արուեստի գործերու ստեղծման։ Սրբազանին համաձայն, այդ կիները ոչ միայն այդ գործընթացներուն աջակիցներ եղած են, այլեւ՝ գործուն առաջնորդներ, որոնց նուիրումն ու խորաթափանցութիւնը հասարակութիւններ ձեւաւորած են։

Սրբազանը ցաւով նաեւ նշեց, որ այս կիներու ժառանգութիւնը ցայսօր յաճախ թերագնահատուած կամ խեղաթիւրուած է աւանդական պատմագրութեան եւ ժամանակակից հանրային խօսոյթի մէջ։ Այս համածիրին մէջ ան ընդգծած է նման միջազգային գիտաժողովներու կարեւորութիւնը՝ «երեւան բերելու մոռցուած էջերը» եւ «ձայն տալու այն կիներուն, որոնք դարեր շարունակ մնացած են ստուերի մէջ»։
Գիտաժողովը շարունակուեցաւ մասնագիտական զեկոյցներով եւ քննարկումներով, որոնք ուղղուած էին հայ եւ վրացի քրիստոնէական իրականութեան պատմամշակութային զարգացման մէջ կիներու որոշիչ դերի խորքային ուսումնասիրութեան։
Գիտաժողովի ամբողջական ծրագիրը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝