Հոկտեմբեր 19-ին, Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Գերապայծառ Եղիա եպիսկ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ, շուրջ երեսուն հոգի մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան դէպի Վատիկան կազմակերպած ուխտագնացութեան, Մարտինի մէջ 1915-ին մարտիրոսացած կաթողիկէ առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան ներկայ գտնուելու։ Հնգօրեայ ուխտագնացութիւնը յագեցած էր Վատիկանի, Հռոմի եւ Ասիզ քաղաքի ու շրջակայքի եկեղեցիներու այցելութեամբ, աղօթքի, խոկումի ու երգեցողութեան պահերով, պատարագի ու զանազան կրօնական արարողութիւններու մասնակցութեամբ։

Ս. Պետրոս տաճարին ճակատին վեց այլ երանելիներու ճիշդ մէջտեղը Իգնատիոս արք. Մալոյեանի պատկերը յարգանք եւ ակնածանք կը պարտադրէր։ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակը, իր կեանքով ու նահատակութեամբ կը մարմնաւորէր հայութեան ապրած գողգոթան, որ այսուհետեւ իր սրբախօսութեամբ պիտի գօտեպնդէ ու փրկութեան առաջնորդէ իրեն դիմող հաւատացեալները։

Արդարեւ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 19-ին, աշխարհի տարբեր անկիւններէ շուրջ 1500 հայ ուխտաւորները առաւօտեան կանուխ ժամերէն միացան հազարաւոր այլ հաւատացեալներու` աշխարհի տարբեր երկիրներէն, պատարագի խորանին մօտ իրենց տեղերը գրաւելու, աւելի մօտէն հետեւելու սրբադասման արարողութեան: Բացի Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքէն՝ ներկայ էին բազմաթիւ հայ կաթողիկէ այլ համայնքներ՝ Լիբանանէն, Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, ԱՄՆ—էն, Գանատայէն… Լիբանանահայութեան մասնակցութիւնը իւրայատուկ էր, որով Մալոյեան հայ կաթողիկէ Զմմառու վանքի միաբան էր, հովուական առաքելութեամբ ղրկուած Մարտին, Արեւմտեան Հայաստան, եւ իր հօտի անդամներուն հետ նահատակուած 1915-ին։
Արդէն լիբանանցի կրօնական եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ալ, ինչպէս՝ նախագահ զօր. Աուն եւ Մարոնիներու պատրիարք Գերապայծառ Ռայ եւ Ասորի կաթողիկէներու պատրիարք Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Եունան եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սրբադասման արարողութեան, ընդգծելով այն հոգեւոր մերձաւորութիւնը որ դարերէ ի վեր ունին կաթողիկէ եւ առաքելական քրիստոնեայ հայ համայնքներուն հետ։
Սրբադասման պատարագն ու արարողութիւնը տեղի ունեցան ներկայութեամբ շուրջ 70.000 հաւատացեալներու։ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին տեղադրուած խորանին պատարագեցին Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը, իր կողքին համապատարագիչ ունենալով՝ Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ռաֆայէլ—Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս—պատրիարքը։
Հանդիսապետող Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը իր խօսքին մէջ իբրեւ խորհրդածութեան նիւթ ընտրած էր հետեւեալ հարցումը. «Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» (Ղուկաս 18:8): «Այս հարցադրումը մեզի կը բացայայտէ, որ Տիրոջ աչքին ամէնէն թանկը հաւատքն է, այսինքն՝ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ սիրոյ կապը։ Այսօր մեր առջեւ են եօթը վկաներ՝ նոր սուրբեր եւ նոր սրբուհիներ, որոնք Աստուծոյ շնորհով վառ պահած են հաւատքին ճրագը. աւելի՛ն՝ անոնք դարձած են ճրագներ, ունակ՝ սփռելու Քրիստոսին լոյսը»,– ըսաւ ան:
Մալոյեան արք.-ի վերջին խօսքերը կը ձայնակցին Լեւոն ԺԴ. պապի հարցադրումին։ Ան նախքան մարտիրոսանալը կը յայտարարէր. «Եւ այժմ, ո՜վ սիրեցեալ որդեակներս, ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ աղօթել Տիրոջ, որպէսզի ինծի ուժ եւ քաջութիւն տայ այս վաղանցուկ կեանքը անցընելու համար իր շնորհքով եւ սիրոյն մէջ, ու եթէ հարկ է հեղուլ արիւնս իրեն համար»։
Սրբադասումի արարողութիւնը կը զուգադիպէր Պապին կողմէ 2025-ի՝ Յոբելինական տարի հռչակումին, որ կը կատարուի 25 տարին անգամ մը, առիթ տալով կաթողիկէ համայնքին ամրապնդելու իր հաւատքը, Վատիկան ուխտագնեցութիւններ կազմակերպելով։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հարիւրաւոր կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, իրենց մասնակցութիւնը բերին Հոկտեմբեր 19-ի արարողութիւնը դարձնելով պատմական յիշատակելի օր մը։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն Խաժակ արք. Պարսամեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Մեսրոպ եպիսկ. Սարգիսեան ներկայ էին սոյն հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։
* * *
Պապին յատուկ հանդիպումը սրբադասութեան համար Վատիկան փութացած ուխտաւորներուն հետ Հոկտեմբեր 20-ին, Հարաւային Ամերիկայէն, Իտալիայէն, անդրովկիանոսեան Փափուա–Նոր Կինէայէն հազարաւոր ուխտաւորներ հաւաքուած էին Վատիկանի հանդիսութիւններու սրահը, Ռաֆայէլ—Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս—պատրիարքի եւ կաթողիկէ ծիրանաւորներու, կրօնաւորներու եւ հայ բարձրաստիճան կրօնաւորներու ներկայութեամբ իր ողջոյնի խօսքը եւ օրհնութիւնը տալու ներկաներուն, որոնք խիստ խանդավառ, սպասման պահուն, զանազան երգեր, կոչեր հնչեցուցին։ Պապը ընդունեցին յոտնկայս, երկար ծափահարութիւններով, քաջալերական ու սիրալիր արտայայտութիւններով…

Պապը խօսք առնելով վերստին յիշեց եօթը երանելիներուն առաքինութիւնները եւ անոնց սրբադասման դրդապատճառները։ Խրախուսեց ներկաները ամուր մնալու իրենց հաւատքին մէջ, օրինակ առնելով բոլոր անոնցմէ, որոնք Քրիստոսի ծառայած են ու իրենց կեանքով՝ Քրիստոսի փրկութեան ու սիրոյ վարդապետութիւնը ուսուցած։
* * *
Նոյն օրը կէսօրէ ետք, շարունակելով ուխտագնացութեան յայտագիրը, ֆրանսահայ ուխտագնացները եւս, ինչպէս խումբեր կազմած բազմաթիւ այլ հաւատացեալներ, հաւաքուեցան Վատիկանի Ուխտագնացներու ուղիին վրայ, 2025-ի Կաթողիկէ Յոբելինական տարիին յատուկ Յոյսի ուխտագնացութեան ծրագրին հետեւելու։ Հայ ուխտագնացներ խաչափայտի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Սուրբ Դուռը, Գերապայծառ Եղիայեանի եւ տէր Պետրոս քահանայի ուղեկցութեամբ, երգեցողութիւններով, աղօթքներով։ Այս առթիւ ընթերցուեցաւ Ս. Պօղոս առաքեալի հովուական նամակը ուղղուած Հռովմէացիներուն (5, 1-5), կատարուեցան սաղմոսերգութիւններ, արտասանուեցաւ «Հաւատամքը»… մինչեւ Ս. Պետրոս տաճարի խորանին առջեւ ներկայանալը։

Երեկոյեան, ժամը 18-ին տեղւոյն Ս. Պետրոս տաճարին մէջ հանդիսապետութեամբ Ռաֆայէլ—Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս—պատրիարքի, կատարուեցաւ հանդիսաւոր պատարագ, ո—րուն մասնակցեցաւ հայ եւ օտար կղերական դասը, մասնաւոր ներկայութեամբ՝ Մարոնիներու պատրիարք Գերապայծառ Ռայի եւ Ասորի կաթողիկէներու պատրիարք Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Եունանի, որոնք արաբերէնով ընթերցեցին Ս. Գրքի օրուան ընթերցուածները։ Արական երգչախումբը շատ զգայուն եւ նուրբ կերպով կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը։

Ժ. Չ. ■