Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹՀ) կը շարունակէ տարբեր լեզուներով թարգմանել եւ հրատարակել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքեր՝ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ գիտական ուսումնասիրութեան կալուածին մէջ կարեւոր ներդրում ունենալու նպատակով։
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՑԹՀ-ի կողմէ ֆրանսահայ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանի «The Armenian Genocide and Its Consequences» հատորը ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն լեզուներով թարգմանուած ու հրատարակուած է։
Այժմ այդ շարքին աւելցած է նաեւ նշեալ գիրքին սպաներէն թարգմանութիւնը, խմբագրութեամբ Վարդան Մատթէոսեանի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։