Ֆրանսայի Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնեց կառավարութեան

Վարչապետ Պայրու նկատի ունենալով երկրին ֆինանսական ծանր վիճակը, խիստ սեղմումներ նախատեսող ծրագիր մը մշակած էր, քաջ գիտակցելով որ հոն տեղ գտած միջոցները հաճելի պիտի չըլլան ո՛չ ոքի, միաժամանակ պնդելով թէ՝  բայց եւ այնպէս իրատեսութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ։ Շատեր արդէն «անձնասպանական» որակեր էին վարչապետին այս նախընտրութիւնը։ Իր նախատեսած այդ ուղղութեամբ ամուր հիմքերու վրայ  շարունակել կարենալու համար ալ վարչապետը ինք իսկ պահանջեր էր վստահութեան քուէ։   

Այսպէս, Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունեցաւ այդ քուէարկութիւնը եւ ինչպէս գրեթէ ստոյգ կը նկատուէր, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը մեծամասնութեամբ դէմ քուէարկեց ծրագրին, մերժեց վստահութիւն յայտնել Պայրուի եւ անոր կառավարութեան, խնդրոյ առարկայ ծրագրին՝ վարչապետին կողմէ ներկայացուելէն յետոյ։ Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 558 երեսփոխան, որոնցմէ 364-ը դէմ կամ ձեռնպահ քուէարկեց, իսկ 194-ը՝ կառավարութեան վստահութիւն յայտնեց։

Մաքրոն յառաջիկայ օրերուն պիտի նշանակէ նոր վարչապետ

Այս քուէարկութենէն ետք՝ Էլիզէի պալատը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Հանրապետութեան նախագահը նկատի կ՚ունենայ  երեսփոխաններու քուէարկութեան արդիւնքը։ Վաղը (Սեպտեմբեր 9-ին) ան պիտի ընդունի վարչապետ Ֆրանսուա Պայրուն՝ անոր կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու համար: Հանրապետութեան նախագահը յառաջիկայ օրերուն պիտի նշանակէ նոր վարչապետ»: