Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրան այցելող իր քաղաքացիներուն կը թելադրէ ըստ կարելւոյն արագ լքել երկիրը, նկատի ունենալով կամայական ձերբակալութիւններու վտանգը։
Նախարարութեան համաձայն՝ Իրան գտնուող ֆրանսացիները կը գտնուին ձերբակալութիւններու եւ անարդար դատավարութիւններու վտանգին առջեւ։
«Այս համածիրին մէջ, Ֆրանսայի Թեհրանի դեսպանատան կարելիութիւնները՝ ձերբակալուած քաղաքացիներուն հիւպատոսական պաշտպանութիւն ապահովելու ուղղութեամբ, խիստ սահմանափակ են»,– նշուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Հոկտեմբեր 7-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: