Պարէնի համաշխարհային ծրագրի հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը միացեալ ջանքերով կը վերականգնեն Սիւնիքի մարզի ոռոգման ենթակառոյցներն ու կը խթանեն գիւղատնտեսութիւնը: Ծրագիրը կը գանձատրէ Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը:
Պարէնի համաշխարհային ծրագրի հայաստանեան ներկայացուցչութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջեւ այս մասին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրած են Պարէնի համաշխարհային ծրագրի ներկայացուցիչ եւ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լեյլա Մելիուհ եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի առժամեայ պաշտօնակատար Զարուհի Ազնաուրեան։
Այս համագործակցութեամբ միացեալ ջանքերը պիտի ուղղուին Սիւնիքի մէջ ոռոգման համակարգերու արդիականացման ու վատթարացած հողերու վերականգնման՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել գիւղատնտեսութեան արտադրողականութիւնը, կլիմայական պայմաններու նկատմամբ դիմադրականութիւնը եւ խոցելի համայնքներու պարէնային անվտանգութիւնը: Նախաձեռնութեան համար հիմք հանդիսացած է Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի 2022-ին կատարած թեքնիք գնահատումը, ուր ընգծուած է Սպանդարեանի ջրանցքի վիճակին վատթարացումը։
Շուրջ 70% ջրային կորուստով ջրանցքի ներկայի վիճակը լրջօրէն կը սպառնայ ջրային անվտանգութեան, տնտեսական կայունութեան եւ համայնքներու դիմադրականութեան։
Ջրանցքի վերակառուցման եւ վերանորոգման շնորհիւ Սիսիանի մեծ համայնքի ոռոգելի հողերը պիտի հասցուին 2800 հեկտարի, ինչ որ թոյլ պիտի տայ փոքր հողագործներուն մշակել բարձր արժէք ապահովող մշակաբոյսեր՝ զգալիօրէն բարելաւելով եկամտաբերութիւնը։ Ծրագիրը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ 28.000 շահառուի համար:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։