Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի «Ֆոնեթոն 2025»-ին արձանագրուեցաւ 1,5 միլիոն եւրոյի նուիրատւութեան խոստում

Հաղորդագրութիւն

Ֆրան­սա­յի Հայ­կա­կան Հիմ­նա­դրա­մին կազ­մա­կեր­պած «Ֆո­նե­թոն 2025»-ը աւար­տե­ցաւ Նո­յեմ­բեր 23-ին՝ ար­ձա­նագ­րե­լով 1,5 մի­լիոն եւ­րո­յի նուիրատ­ւութեան խոս­տումներ։

Այս տա­րուան ար­շա­ւի «կնքա­մայ­ր»-երն էին աշ­խար­հահռչակ երա­ժիշտներ՝ Աստ­ղիկ եւ Շու­շան Սի­րանո­սեան քոյ­րե­րը, որոնց Հիմ­նադրա­մը իր խո­րին շնոր­հա­կալու­թիւնը կը յայտնէ իրենց նուիրու­մին հա­մար։ Անոնք հան­դի­սացան հիաս­քանչ դես­պաննե­րը ազ­նիւ դա­տի մը՝ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նամերձ մար­զե­րուն՝ Գե­ղար­քունի­քի, Տա­ւու­շի եւ Սիւ­նի­քի տաս­նեակ հա­զարա­ւոր գիւ­ղաբնակ­նե­րու կեն­սա­պայ­ման­նե­րու բա­րելաւ­ման։

«Ֆո­նեթոն»-ի շնոր­հիւ կեան­քի պի­տի կո­չուին չա­փազանց կա­րե­ւոր ծրա­գրեր։ Մաս­նա­ւորա­պէս, պի­տի վե­րանո­րոգուի Սիւ­նի­քի մէջ 35 քի­լոմեթր եր­կա­րու­թեամբ ջրանցք մը, որ վճռո­րոշ նշա­նակու­թիւն ու­նի մար­զի անվտան­գութեան եւ զար­գացման հա­մար։ Այս ջրանցքը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ոռո­գելու մին­չեւ 2800 հեկ­տար հո­ղատա­րածք՝ 7 առ հա­րիւ­ր աւելցնե­լով Հա­յաս­տա­նի այս ռազ­մա­վարա­կան մար­զին մէջ մշա­կուող գիւ­ղատնտե­սական տա­րածքնե­րը։ Ծրա­գրէն ուղղա­կի պի­տի օգ­տուին աւե­լի քան 4350 ան­ձեր, իսկ անուղղա­կի շա­հառու­նե­րը աւե­լի շատ պի­տի ըլ­լան։ Միաւո­րի ար­ժէ­քը հա­մեստ է (200 եւ­րօ/մեթր)՝ բաղ­դա­տած ակնկա­լուող ար­դիւնքնե­րուն։

Նուիրա­տւու­թիւննե­րը թոյլ պի­տի տան նաեւ նոր մա­կար­դա­կի բարձրաց­նել Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նամերձ շրջան­նե­րու գիւ­ղատնտե­սական զար­գա­ցու­մը։ Նա­խատե­սուած է ստեղ­ծել ար­տադրան­քի վա­ճառ­քի կամ մշակ­ման միացեալ կա­րողու­թիւններ՝ բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար յա­ւելեալ եկա­մուտ ապա­հովե­լու նպա­տակով։ Սա պի­տի իրա­կանա­ցուի յատ­կա­պէս հա­մագոր­ծակցա­կան­նե­րու (coopératives), ինչպէս նաեւ պտուղնե­րու պա­հես­տա­ւոր­ման եւ չո­րաց­ման միաւոր­նե­րու ստեղ­ծումով։

Առ այ­սօր, «Ֆո­նեթոն»-նե­րուն շնոր­հիւ, Ֆրան­սա­յի Հա­յկական Հիմ­նադրա­մը կրցած է աջակ­ցիլ 42.000 ըն­տա­նիքի՝ 237 գիւ­ղե­րու մէջ։ Բաժ­նուած են աւե­լի քան 18 մի­լիոն բան­ջա­րեղէ­նի սա­ծիլ, 600.000 պտղա­տու ծառ, 700 թոն բարձրո­րակ սեր­մնա­ցու, 215 ջեր­մոց, 400 փե­թակ, գիւ­ղատնտե­սական սար­քա­ւորումներ, ինչպէս նաեւ ընտիր ցե­ղի խո­շոր եւ մանր եղ­ջե­րաւոր անա­սուններ։ 12 գիւ­ղեր ապա­հովուած են ըմպելի ջու­րով։ Ար­ցա­խէն տե­ղահա­նուած 61 ըն­տա­նիք վե­րաբ­նա­կուած է եւ ապա­հովուած՝ գիւ­ղատնտե­սական ար­տադրու­թեան մի­ջոց­նե­րով։ Պար­բե­րաբար կը կազ­մա­կեր­պուին վե­րապատ­րաստման դա­սըն­թացքներ՝ Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Շա­րու­նա­կուած է նաեւ Ֆրան­սա­յի եւ Լի­բանա­նի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն աջակ­ցութիւ­նը։ Զու­գա­հեռա­բար, ստա­ցուած կտակ­նե­րուն շնոր­հիւ, Հիմ­նադրա­մը կը կա­ռու­ցէ ման­կա­պար­տէզներ, երաժշտա­կան դպրոցներ, արհեստի վարժարաններ, մարզադաշտեր եւ այլն։

Հիմնադրամը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ իր նուիրատուները՝ յատուկ երախ­տագիտութիւն յայտնելով հարիւրաւոր կամաւորներուն, որոնք զօ­րաշարժի ենթարկուեցան չորս օր անընդմէջ։ «Ֆոնեթոն»-ը կը շա­րու­նա­կուի. դուք դեռ կրնաք կատարել ձեր նուիրատւութիւնը վճարագրով (chèque) կամ առցանց՝ այցելելով https://dons.fondsarmenien.org/phonethon կայքը (Ֆրանսայի մէջ նուիրատուութիւնները կ՚ենթադրեն 66% հարկային զեղչ)։