Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանատունը դատի տուած է «Շարժում»-ը, այն մեղադրանքով, որ հայկական երիտասարդական այս կազմակերպութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած է այն անձերուն անունները, որոնք Ֆրանսայի մէջ բացայայտօրէն կը պաշտպանեն ազերպայճանական բռնապետութեան շահերը։
«Մեր հրապարակումը, որ հիմնուած է հանրային եւ ստուգելի աղբիւրներու վրայ, նպատակ ունի հանրութեան տեղեկացնել Ազերպայճանի ազդեցութեան ցանցերուն մասին, որ Ֆրանսայի մէջ կ՚ապաւինի այդ անձնաւորութիւններուն՝ իր վարկը վերականգնելու համար։ Այս հրապարակումը, որ մաս կը կազմէ մեր խօսքի ազատութեան՝ քաղաքացիական զգօնութեան մեր պարտականութիւնն է՝ ընդդէմ բռնատիրական եւ եղծանուած վարչակարգի մը, որ կը յարգէ ո՛չ մարդկային իրաւունքները, ո՛չ ալ միջազգային իրաւունքը։
Ազերպայճանական պետութիւնը, որ սովոր է լռեցնելու նման ընթացակարգերու՝ լրագրողներու, գործիչներու եւ իշխանութիւնը քննադատող քաղաքացիներու նկատմամբ, ներառեալ՝ Ֆրանսայի մէջ՝ իր դեսպանատան միջոցով, նպատակ ունի մեզ լռեցնելու եւ վախցնելու։
Դեսպանութիւնը կը պահանջէ անյապաղ ջնջել մեր հրապարակումը թէ՛ մեր ընկերային ցանցերէն, թէ՛ ալ մեր կայքէն, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ 10.000 եւրօ վնասուց հատուցում, 3.000 եւրօ վիրաւորական դիմադրութեան համար եւ վերջապէս 3.000 եւրօ ալ իրաւական ծախսերու հատուցման համար։
Մենք կը դատապարտենք գրաքննութեան այս փորձը, որու նպատակն է ֆրանսական արդարադատութիւնը գործիք դարձնելու միջոցով սանձել՝ ազերպայճանական վարչակարգին նկատմամբ որեւէ քննադատութիւն եւ հակազդեցութիւն:
Կոչ կ՚ընենք հայ դատի բոլոր պաշտպաններուն եւ աւելի լայնօրէն՝ արդարադատութեան եւ ժողովուրդներու արժանապատւութեան փարողներուն, զօրաշարժի լծուելու եւ մեզի աջակցելու Հինգշաբթի, Մայիս 11, ժամը 9.30-ին, Նանթէռի դատարանի «C» դահլիճին մէջ տեղի ունենալիք միջանկեալ դատական նիստին, ուր պիտի ներկայանանք մեր փաստաբան Մարթէն Փրատէլի հետ, պաշտպանելու համար մեր իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը:
Մենք կը վստահինք ձեր ներկայութեան եւ ձեր զօրակցութեան՝ Ազերպայճանի խուսանաւումները (manœuvres) բացայայտող իրաւական այս ընթացակարգին։ Այսպիսի քայլով չէ, որ պիտի յաջողին խաթարել Հայոց իրաւունքները պաշտպանելու մեր վճռականութիւնը։
Մեզի աջակցելու համար՝ https://www.helloasso.com/associations/charjoum-le-mouvement/formulaires/3»,– կ՚ըսուի այս առթիւ «Շարժում»-ի հրապարակած կոչ-հաղորդագրութեան մէջ։