Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Անն-Լոռանս Փեթելի թուիթը Արցախի շրջափակման 150-րդ օրուան կապակցութեամբ (տեսանիւթ-ֆրանսերէն)

Արցախի շրջափակման 150-րդ օրուան կապակցութեամբ Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթել թուիթ մը հրապարակած է իր էջին՝ տեսանիւթով մը, ուր ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններ կը դատապարտեն Արցախի բնակչութեան շրջափակումը եւ կը յայտնեն իրենց զօրակցութիւնը։

Իր թուիթին մէջ Փեթել կը գրէ.

«150 օրէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի 120.000 Հայերը կտրուած են աշխարհէն Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով։

Ի տես մարդասիրական այս աղէտին՝ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը զօրաշարժի ենթարկուած է՝ ահազանգ հնչեցնելու համար»։