Հոկտեմբեր 26-ին Գանն քաղաքի ծառուղիներէն մէկը անուանակոչուեցաւ «Շառլ Ազնաւուր»։
Այս քայլով քաղաքապետ Տաւիտ Լինար փափաքած է իր աջակցութիւնը ցոյց տալ Ազերպայճանի հետ հակամարտութեան մէջ գտնուող Հայաստանին. իսկ ո՞վ աւելի լաւ, քան Ֆրանսահայերու ամէնէն ծանօթը՝ Շառլ Ազնաւուրը կրնար հանդիսանալ խորհրդանիշ։ Ուստի մեծ երգիչին որդիին՝ Նիքոլա Ազնաւուրի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի ներկայութեան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ նշեալ ծառուղիին ցուցանակին բացումը։
Այսուհետեւ, Տանիէլ Գորտիէ հրապարակին եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերու եւ Ֆրանսայի համար նահատակուած հայ մարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին միջեւ գտնուող ծառուղին կը կոչուի «Շառլ Ազնաւուր»։
Հայ գաղթականներու զաւակ Շառլ Ազնաւուրը «անսասան կապեր հաստատած էր Գաննի հետ, որ դարձած էր ձեւով մը անոր խարիսխը եւ որու պատուոյ քաղաքացին դարձած էր 2005-ին»,– բացատրած է Տաւիտ Լինար, որ այս ձեւով յարգանքի տուրք կը մատուցէ թէ՛ արուեստագէտին, եւ թէ՛ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր ծագման երկրին։