ՖՐԱՆՍԱ – Գործադուլեր, բողոքի ցոյցեր

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10-ին, «Խափանենք ամէն ինչ» շարժումի շրջանակին մէջ, Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին տեղի ունեցան գործադուլեր, բողոքի ցոյցեր,– երբեմն բազմամարդ, երբեմն՝ նուազ,–որոնց մասնակիցները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին կառավարութեան խստակեցութեան քաղաքականութեան դէմ։ Այս ընկերային շարժումը,– ինչպէս այլեւս սովորութիւն դարձած է անուանել նման գործողութիւններ,– տեղի ունեցաւ հակառակ անոր որ նախորդ օր հրաժարած էր կառավարութիւնը, սակայն այնպէս կը թուի, թէ բուն նպատակը ազդարարութիւն մը կատարելն էր երկրին իշխանութեանց, ով որ ալ գտնուի կառավարութեան աթոռին։

Ըստ Ներքին գործոց նախարարութեան՝ երկրին տարածքին ցուցարարներու ընդհանուր թիւը եղած է 175.000: Նախարար Ռըթայօ ողջունեց ապահովութեան ուժերը, որոնք ըստ իրեն՝ կրցան «յաջողութեամբ արգելք հանդիսանալ երկրին շրջափակման»։

Ինչպէս գրեթէ միշտ, շարք մը քաղաքներու,– գլխաւորաբար՝ Փարիզի, Ռենի, Նանթի մէջ,– ցոյցերը վերածուեցան անկարգութիւններու, արձանագրուեցան ոստիկանութեան հետ լուրջ բախումներ, որոնց ընթացքին վիրաւորուեցան 13 ոստիկաններ: Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ 521 հոգի ալ ձերբակալուած էր (251-ը՝ Փարիզ)։ 

Շարժումին նախաձեռնողները կոչ կ՚ընէին շրջափակելու եւ խափանելու նաւահանգիստներու, քարիւղի պահեստներու, փոխադրամիջոցներու աշխատանքը եւ փակելու ճամբաները:

Ցոյցերու ընթացքին ամէնէն յաճախակի լսուող կարգախօսերը կը վերաբերէին նախագահ Մաքրոնի հրաժարականի եւ հարուստներու համար հարկերու բարձրացման պահանջներուն: Իշխանութիւններէն դժգոհ խաւը կ՚ուզէ, որ յատկացումներ կատարուին հիւանդանոցներուն, հանրային փոխադրամիջոցներու համակարգին, այլ ոչ թէ երկրի ամավարկէն հսկայական գումարներ յատկացուին զէնքի արտադրութեան: 

Նշենք, որ հրաժարելու ստիպուած վարչապետ Պայրուի առաջարկած ամավարկային խնայողութիւններու տարբերակը կ՚ենթադրէր ծախսերու կրճատում գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, բացի պաշտպանութենէն, որու համար ընդհակառակն, իշխանութիւնները կը նախատեսէին աւելի մեծ յատկացում։