ՖՐԱՆՍԱ – Թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեանին շնորհուած է Ազգային արժանեաց պատուոյ շքանշանի ասպետի կոչում

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25-ին, Փարիզի Երաժշտական բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին՝ ֆրանսահայ թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեան ստացած է Ազգային արժանեաց պատուոյ շքանշանի ասպետի կոչում, որ Ֆրանսայի ամենաբարձր պարգեւներէն է։ Ան արժանի նկատուած է՝ իր արուեստի նուաճումներուն եւ քաղաքացիական նուիրումին համար։

 

Աստղիկ Սիրանոսեան՝ ընտանիքին հետ

Շքանշանը 36-ամեայ հայ երաժիշտին յանձնուած է դրամատէր եւ մեկենաս Ֆրանսուա Հենրոյի կողմէ, մեծարեալի ընտանիքին, երաժիշտ բարեկամներու, արուեստագէտներու, գրողներու, լրագրողներու եւ ընդհանրապէս գործարար աշխարհի ծանօթ դէմքերէ բաղկացած այլ հիւրերու ներկայութեան։

Աստղիկ Սիրանոսեան՝ Ֆրանսուա Հենրոյի հետ

Այս քայլով, Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ ոչ միայն բացառիկ երաժիշտի մը, այլեւ՝ նուիրեալ կնոջ մը, որ երաժշտութիւնը դարձուցած է բաժնեկցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան համապարփակ լեզու”,– յայտարարած է Հենրօ իր խօսքին մէջ։

Փայլուն միջազգային ասպարէզ

Լիոնահայ ընտանիքի մը յարկին տակ ծնած Աստղիկ Սիրանոսեան արագօրէն հաստատուեցաւ իբրեւ իր սերունդի ամենայատկանշական ներկայացուցիչներէն մէկը։ Հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր՝ ան ելոյթ ունեցած է աշխարհի ամենահռչակաւոր բեմերէն՝ Փարիզի Ֆիլհարմոնիէն մինչեւ Վիեննայի Մուզիքֆերայն եւ Նիւ Եորքի Քարնեկի Հոլ՝ համագործակցելով անուանի խմբավարներու եւ նուագախումբերու հետ, միեւնոյն ատեն հետապնդելով սենեկային երաժշտութեան աշխուժ գործունէութիւն մը, որ կընդգրկէ դասականէն մինչեւ ժամանակակից երգացանկ։ Քննադատներու կողմէ բարձր գնահատուած իր ձայնագրութիւնները կընդգծեն արուեստագիտուհի մը, որ կը համադրէ վարպետութիւն, զգայնութիւն եւ մեկնաբանութեան խորութիւն։

Այս պարգեւով, Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը կը պատուէ ոչ միայն գեղարուեստական բացառիկ գործունէութիւն մը, այլեւ՝ խոր քաղաքացիական նուիրում մը։

Աստղիկ Սիրանոսեան այժմ կը միանայ փաղանգին այն յարգարժան երաժիշտներու, որոնք իրենց արուեստով եւ մեծահոգութեամբ կը նպաստեն Ֆրանսայի մշակութային ազդեցութեան եւ աշխարհի հետ անոր երկխօսութեան։

Արուեստագիտուհին բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է։ Ան կը նուագէ Ֆրանչեսքօ Ռուճերիի 1676-ին կերտած բացառիկ թաւջութակին վրայ: Սիրանոսեան, 2016-ին հրապարակած է ալպոմ մը՝ նուիրուած Կոմիտասին։

Աստղիկ Սիրանոսեան Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ կատարած է «Հաւուն, Հաւուն»-ը

Քանի որ խօսքը Աստղիկ Սիրանոսեանի մասին է, նշենք նաեւ որ քանի մը օր առաջ, Փարիզի Աստուածամօր (Notre-Dame) տաճարի Արեւելեան քրիստոնեաներու մատուռի կամարներուն տակ ան կատարեց «Հաւուն, Հաւուն» օրհներգը. Նկարահանուեցաւ նաեւ կատարումին տեսահոլովակը: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին վերագրուող այս ստեղծագործութիւնը կը համարուի հայ հոգեւոր երաժշտութեան հնագոյն նմուշներէն մէկը:

Փարիզի արքեպիսկոպոս եւ Արեւելքի կաթոլիկներու առաջնորդ Լոռան Իւլրիխի փափաքով ու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Արեւելեան քրիստոնեաներու մատուռը,– որուն բացումը կատարուեցաւ 2025 Մայիս 28-ին,– նուիրուած է Արեւելքի քրիստոնէական աւանդութիւններուն եւ կոչուած է ուխտաւորներուն յիշեցնելու արեւելեան երկիրներէ եկող հոգեւոր ակունքներու մասին: