Ապրիլ 5-ին եւ 6-ին, Թեմիս առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համաժողովին, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Լուրտ քաղաքին մէջ։
Այս ժողովի ընթացքին, Թեմիս առաջնորդը հետեւեալ խօսքը ուղղեց ներկաներուն.-
«Գերաշնորհ սրբազան Հայրեր,
Հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ Հայրեր,
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Նախ, թոյլ տուէք ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համաժողովին, որ զիս պատուեցին այստեղ՝ Լուրտ հրաւիրելով, առիթ ընծայելով ներկայ գտնուելու այս համագումարին՝ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերու հետ միասին, Սուրբ Կոյս Մարիամի օրհնութեան ներքոյ։
Ինչպէս գիտէք, աւելի քան մէկ տարի առաջ սարսափելի պատերազմ տեղի ունեցաւ Հայաստան, ի մասնաւորի Արցախ աշխարհին մէջ։
Այս սարսափելի պատերազմին հետեւանքով զոհուեցան աւելի քան հինգ հազար հայ երիտասարդ զինուորներ, որոնց մեծ մասը 18 տարեկան էին, բայց նաեւ կիներ ու երախաներ:
Եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, տուներ այրեցան, քանդուեցան՝ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։
Այսօր Արցախի 75 տոկոսը Ազէրպայճանի տիրապետութեան տակ է։
Այս գրաւեալ հողերուն մէջ կը գտնուին հազարաւոր հայկական յուշարձաններ՝ եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ, խաչքարեր, արձաններ եւ այլ վայրեր…
Ցաւօք, ինչպէս մենք ալ կանխատեսած էինք, Ազէրպայճան կը ոչնչացնէ այդ հարստութիւնները․ եկեղեցիները մզկիթի կը վերածէ, կը պղծէ գերեզմանատուները եւ շատ այլ սարսափելի բաներ կ՚ընէ, որոնք չեմ ուզեր այստեղ ըսել։
Ինչո՞ւ Ազէրպայճան այսպիսի բաներ կ՛ընէ. կ՚ուզէ ամբողջովին վերացնել հայկական հետքը իր պապենական հողերուն վրայէն, ա՛յս է պատճառը եւ նպատակը։
Մենք կ՚ապրինք ժառանգական ու մշակութային ցեղասպանութիւն մը, մեր պատմութիւնը կը ջնջուի համայն աշխարհի աչքին առջեւ։
Որպէս Ֆրանսայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ, կը խնդրեմ ձեզմէ, իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր ձայնը բարցրացնել, որպէսզի այս մշակութային ջարդը դադրեցուի։ Այո՛, ես համոզուած եմ, որ եթէ բարցրացնէք այս հարցը, աշխարհ ձեզ պիտի լսէ, քանի որ Հայերուս ձայնը չի լսեր»։