Յուլիս 9-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Լոռան Վոքիէ ընդունած է իր հայ պաշտօնակիցը։
Այս առթիւ ան հրապարակած է հետեւեալ գրառումը «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին.
«Շատ ուրախ եմ երէկ ընդունած ըլլալով Վլադիմիր Վարդանեանը՝ երեսփոխան, իմ պաշտօնակիցը որ կը նախագահէ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբը։ Միացած ենք, լսելի դարձնելու համար Հայաստանի ձայնը»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։