Վահան Կոստանեան (ձախին)՝ Պենժամէն Հատտատի հետ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան աշխատանքային այցով ժամանած էր Փարիզ, ուր ան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ։
Սեպտեմբեր 15-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական հարցերու պատասխանատու նախարար Պենժամէն Հատտատի հետ հանդիպումին՝ կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ի տես Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, քննարկած են յառաջիկայ ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ընդգծած ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման կարեւորութիւնը:
Հանգամանալից քննարկուած է Հայաստանի՝ եւրոպական համարկման խորացման հետագայ հեռանկարները եւ այս համածիրին մէջ՝ Հայաստան—Ֆրանսա գործակցութեան կարելիութիւնները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 2026-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի կազմակերպման:
Վահան Կոստանեան զրուցակցին ներկայացուցած է Օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընեան համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան սահմանակարգման Հայաստանի տեսլականը:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի այժմէական հարցերու շուրջ:
Յաջորդ օր, Կոստանեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահի Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերու խորհրդական Պերթրան Պուշվալթերի հետ։ Խորհրդակցական հանդիպում մըն ալ ունեցած է Արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի տնօրէնութեան ղեկավար Պրիս Ռոքֆէօյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Նոյն օրը՝ Սեպտեմբեր 16-ին Կոստանեան մասնակցած է Միջազգային յարաբերութիւններու ֆրանսական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան տարածաշրջանային եւ ընդհանուր աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու կիզակէտին» խորագրով կլոր—սեղան քննարկման, որուն մասնակցած են փորձագէտներ, Ֆրանսայի տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, դիւանագէտներ։ Քննարկումը վարած է Միջազգային հարաբերութիւնների ֆրանսիական Հիմնարկի հիմնադիր—նախագահ Թիերի տը Մոնպրիալ։