Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մարտ 25-ին հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ միջադէպերու, զօրքերու տեղաշարժի եւ կազամատակարարման դադրեցման առնչութեամբ.-
«Ֆրանսա կ՚ափսոսայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջադէպերու, այդ կարգին՝ Փառուխի ու Խրամորթի զինեալ արարքներուն եւ զօրքերու տեղաշարժին առնչութեամբ։ Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ ա՛յն ուժերուն, որոնք յառաջացած են, վերադառնալու իրենց նախնական դիրքերը՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան համաձայն։
Ֆրանսա նաև մտահոգութեամբ տեղեկացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կազամատակարարման դադրեցման վերաբերեալ եւ կը յորդորէ վերականգնել զայն։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը այդ հարցը արծարծած է հայաստանցի ու ազէրպայճանցի իր պաշտօնակիցներուն հետ զրոյցներու ընթացքին՝ կոչ ուղղելով անյապաղ վերականգնելու Ղարաբաղի բնակչութեան կազամատակարարումը՝ եղանակային այս ցուրտ պայմաններուն մէջ։
Ֆրանսա մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի ու Ազէրպայճանի հետ՝ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով»։
* * *
«ՆՅ» – Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, նոր, դպրոցներու մէջ ուսուցանելի օրինակ մը «չէզոքութեան», եզր մը, որ յաճախ օրակարգի բերած էր յարգելի նախարար Լը Տրիան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան վերոնշեալ հաղորդագրութիւնը ընթերցող ոչ ոք կրնայ դոյզն պատկերացում մը ունենալ իրավիճակէն, այդ իրավիճակին պատասխանատուներէն, այդ պատասխանատուներուն հետապնդած զազրելի նպատականերէն, մէկ խօսքով՝ իրողութենէն։
Ֆրանսա կ՚ափսոսայ միջադէպերուն համար… մենք աւելի՛ կ՚ափսոսանք նման յայտարարութիւններ տեսնելով։
Հոս կ՚արժէ նաեւ ընդգծել այլ կէտ մը, որ կը վերաբերի բացասական նման նրբութիւններու նկատմամբ՝ հայկական մեծ թիւով լրասփիւռներու անուշադիր, անզգօն մօտեցումին։ Այս պարագային օրինակ, մինչ Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն յատուկ բծախնդրութեամբ խուսափած է,– աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ քաջութիւնը չէ ունեցած,– տալէ Ազէրպայճանի անունը եւ հնարամտօրէն նախայարձակը անուանած է «յառաջացած ուժեր» (անտեղեակ ընթերցողն ալ ձգելով կատարեալ անորոշութեան մէջ, թէ ո՞վ է յարձակողը), քիչ չէին հայաստանեան այն թերթերը որոնք լուրը կու տային խորագրելով՝ «Ֆրանսա ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐՈՒՆ կոչ կ՚ընէ ետ քաշուելու…» եւ այլն…։ Ո՛չ. Ֆրանսա ազէրպայճանական զօրքերուն կոչ չ՚ըներ, քանի՝ «չէզոքութիւն»-ը այդ կը պահանջէ, եւ մա՛նաւանդ քանի՝ Արցախը Ուքրաինա չէ։