Ցաւով տեղեկացանք, թէ ֆրանսահայ հանրածանօթ նկարիչ Ռաֆի (Raphy, բուն անունով՝ Ռաֆայէլ Կազրիկեան), իր մահկանացուն կնքած է Մարտ 29-ին Լա Պոլի մէջ, ուր կ՚ապրէր ու կը ստեղծագործէր։
Ծնած էր 1926-ին փարիզեան արուարձաններէն Նէօյի-սիւռ-Մառն։ Սկսած է գծել 1950-ական թուականներուն, նշանաւոր Oréal ընկերութեան մէջ քիմիայի ճարտարագէտի իր ասպարէզին զուգահեռ։
1953-էն սկսեալ՝ վեց տարի հետեւած է « Montparnasse 80 » գծագրութեան դպրոցին մէջ հանրայայտ Ժորժ Ատամի դասընթացքներուն, որ Ճաքոմեթթիի եւ Փիքասոյի նման հսկաներու հետ աշխատած է։
Ռաֆի այնուհետեւ գծագրութենէն անցած է նկարչութեան։ Տասը տարի ստեղծագործած է առանց սակայն ցուցադրելու իր գործերը։ Անոր առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 1972-ին Փարիզ։
Արժանացած է Փարիզ քաղաքի Արծաթեայ շքանշանին (1984), Կերպարուեստի Ֆրանսայի մեծ մրցանակին (1988) եւ Պիարիցի Արուեստից փառատօնի մեծ մրցանակին (1992)։
Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Լա Պոլի Նոթր Տամ եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ, Ապրիլ 1, ժամը 14.30-ին։