Ապրիլ 5-ին, Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ՝ Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան (ԲԱԱ) նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելած է Փարիզի Բազմարհեստից դպրոցը (École polytechnique) եւ Ֆրանսայի առաջատար ճարտարագիտական հաստատութիւններէն՝ ENSTA ParisTech-ը՝ պատասխանատուներուն հետ քննարկելու համար Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արհեստագիտական կրթական եւ գիտահետազօտական կառոյցներու միջեւ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները։
Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը ներկայացուցած են բարձր արհեստագիտական կրթութեան մարզին մէջ առկայ ներուժն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս շեշտուած է նորարարական եւ գործնական գիտելիքներու ծիրէն ներս միասնական կրթական ծրագրերու անհրաժեշտութիւնը։
Հայրապետեան ներկայացուցած է Հայաստանի ռազմավարական տեսլականը՝ զարգացնել միջազգային չափանիշերուն համահունչ արհեստագիտական կրթական միջավայր, ամրապնդելով կրթութեան, գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան միջեւ անքակտելի կապը։
Հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ նախարարի առաջին տեղակալ Գէորգ Մանթաշեան եւ ԲԱԱ նախարարութեան Ռազմարդիւնաբերութեան յանձնախումբի նախագահ Արամ Ճիվանեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։