Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Մոն տը Մարսան քաղաքին մէջ զետեղուած խաչքարին բացման արարողութիւնը

Ապրիլ 2-ին, ի նշան ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան՝ Ֆրանսայի Մոն տը Մարսան քաղաքին մէջ զետեղուած է խաչքար մը։ Գիւմրեցի ճարտարապետ Սուրէն Կուրազեանի քանդակած խաչքարը՝ Գիւմրիի նուէրն է Մոն տը Մարսանին:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ֆրանսայէն, երկրին տարբեր անկիւններէն Հայեր: 

Իր ելոյթին, Գիւմրիի ղեկավարի առաջին տեղակալ Արթուր Պապիկեան հաղորդած է քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեանի ողջոյնի խօսքը։

Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՀ դեսպանուհին, Մոն Տը Մարսանի քաղաքապետ Շառլ Տայօ եւ «Երազ» հայկական երկշաբաթեայ մշակութային փառատօնի կազմակերպիչ, Théâtre de Gascogne-ի տնօրէն Անթուան Կարիել: ■