Յունիս 9–10-ին, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցան Նիսի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի՝ ովկէանոսի հարցերուն նուիրուած համագումարին (Conférence des Nations Unis sur l’Océan)։
Յունիս 9-ին, Նախագահ Խաչատուրեան իր ելոյթին յատկապէս ընդգծեց, թէ Հակառակ անոր որ Հայաստան դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիր է՝ ովկիանոսներուն վերաբերող խնդիրները այժմէական են մեր երկրին համար։
«Մենք կ՚ապաւինինք ովկէանոսի հարցերուն շուրջ գործակցութեան, քանի որ կը հաւատանք բնապահական համակարգերու փոխադարձ կապերուն եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան՝ ուղղուած մեր մոլորակի կենսաբազմազանութեան պահպանումին»։
(…)
«Որպէս կլիմայական հարցերուն նուիրուած 17-րդ համաժողովի (COP17) նախագահ, Հայաստան շահագրգռուած է սոյն միջազգային օրակարգին յառաջընթացով։ Մենք կը հաւատանք, որ Ազգային իրաւազօրութենէն վեր ծովային կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրը (BBNJ) կրնայ դառնալ համաշխարհային կենսաբազմազանութեան պահպանումին ուղղուած մեր ընդհանուր ջանքերուն կարեւորագոյն բաղադրիչը։
Բոլոր երկիրներուն՝ զարգացող, թէ զարգացած, ծովափնեայ, կղզի, թէ դէպի ծով ելք չունեցող, կ՚ուզեմ կոչ ուղղել վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը մեր մոլորակի պաշտպանութեան եւ պահպանման նպատակին, որպէսզի ապագային սերունդները նոյնպէս կարողանան օգտուիլ մեր մայր մոլորակի բարիքներէն»,– ի միջի այլոց ըսաւ նախագահ Խաչատուրեան իր ելոյթին։
Համագումարի շրջանակին մէջ, նախարար Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրէ Ազուլէի հետ։ Կողմերը քննարկեցին Կազմակերպութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի ներգրաւումը մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան աշխատանքներուն եւ տարբեր ծրագրերու իրականացման վերաբերող հարցեր։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն աջակցութեան առնչուող նախաձեռնութիւններուն։
Հանդիպման աւարտին, Միրզոյեան՝ Հայաստանի եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի միջեւ գործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման, մարդասիրական արժէքներու պաշտպանութեան մէջ ներդրած նշանակալից աւանդին համար Օտրէ Ազուլէն պարգեւատրեց Բարեկամութեան շքանշանով։
Արարատ Միրզոյեան Նիսի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ժան-Նոէլ Պառոյի հետ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։