Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Հոկտեմբերին, Ալզասի շրջանի հայ համայնքը պատմական պահ մը ապրեցաւ Սթրազպուրկի Սուրբ Սարգիս հայ առաքելական եկեղեցւոյ օծումով
Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ նախաօծման արարողութիւնը՝ օծման ծէսի առաջին փուլը։ Նախագահութեամբ Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի, օծուեցան եկեղեցւոյ տասնվեց սիւները, որոնք կը խորհրդանշեն Քրիստոսի տասներկու առաքեալները, չորս աւետարանիչները, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջին հայրապետը։ Այս արարողութեան ընթացքին, օրհնուեցաւ Սուրբ Կոյսի եւ Մանուկ Յիսուսի սրբապատկերը, որ այսուհետեւ զետեղուած է Սուրբ խորանին վրայ։ Դռնբացէքի աղօթքը հանդիսաւոր կերպով նշեց օծման սկիզբը։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ բացման եւ ամբողջական օծման արարողութիւնը։ Գրիգոր Սրբազան կատարեց Սուրբ սեղանին օծումը եւ օրհնեց այն վայրերը, ուր այսուհետեւ պիտի մատուցուին Սուրբ խորհուրդները։ Առաջնորդ Սրբազանին կ‘օգնէին շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Կոմիտաս Յովնանեանը, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ սարկաւագներ։
Երկար ժամանակի ծրագիր մը
Երկար տարիներէ ի վեր, հայկական պատարագները, մկրտութիւններն ու պսակները կը կատարուէին Սթրազպուրկի այլ դաւանանքներու եկեղեցիներուն մէջ։ Շնորհիւ բազմաթիւ հաւատացեալներու ջանքերուն եւ նուիրումին, այս հին երազը իրականացաւ այս եկեղեցւոյ գնումով եւ վերանորոգումով, որ այսօր Աստուծոյ նուիրուեցաւ։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ՝ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան պրն Արմէն Պապիկեանի, Սթրազպուրկի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ՝ կանոնիկոս Ժան—Ժորժ Պէօկլէնի, Սթրազպուրկի քաղաքապետ տիկ. Ժանն Բարսեղեանի, քաղաքային խորհրդական տիկ. Լիւսէթ Թիսերանի եւ թեմական խորհուրդի անդամներու։ Սթրազպուրկի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին այսպէսով կը դառնայ Ալզասի շրջանի առաջին հայ առաքելական եկեղեցին։ Ան այսուհետեւ պիտի ըլլայ Կռան տ՚Էսթի (Grand Est) հայ հաւատացեալներու հոգեւոր եւ մշակութային սիրտը։ Օծումը աւարտեցաւ եղբայրական հիւրասիրութեամբ մը, որուն յաջորդեց աւանդական երգերով եւ պարերով աշխուժացած ջերմ ու բարեկամական պահ մը։




