Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Վերաքննիչ ատեանը ծանր պատիժի դատապարտած է «Շարժում»-ի անդամ Լորիս Թուֆանեանը

Առջի տարի՝ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած անմարդկային գործողութիւններու թէժ օրերուն՝ Փարիզի դեսպանատան շէնքին առջեւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցի ընթացքին՝ շէնքին դռան վնաս հասցուցած ըլլալու ամբաստանութեամբ՝ ազերպայճանական կողմը դատի տուած էր երիտասարդական «Շարժում» կազմակերպութեան անդամներէն Լորիս Թուֆանեանը։

Հայ երիտասարդը դատապարտուելէ ետք Ուղղիչ դատարանին կողմէ, վճիռին դէմ բողոքած էր։ Դիմումը քննուած էր Փետրուար 4-ին, Փարիզի Վերաքննիչ ատեանին կողմէ։

Ներկայիս, դատական այդ նիստէն հինգ ամիս ետք Փարիզի Վերաքննիչ ատեանը արձակած է իր վճիռը, որ շատ խիստ է, նոյնիսկ աւելի խիստ քան Ուղղիչ դատարանինը։ Հայ երիտասարդը յանցաւոր նկատուած է զէնքով ու վնաս հասցնելով՝ կամովի բռնութեան մեղադրանքով ու դատապարտուած է 12 ամիս բանտարկութեան՝ յետաձգումով (surcis) եւ հազարաւոր եւրօ տուգանքի։ 

Այս նոր վճիռին արձակուելէն ետք արձանագրուած տեսանիւթին մէջ՝ Լորիս Թուֆանեան զայն բնականաբար կը գնահատէ շատ խիստ եւ անկասկած՝ քաղաքական հէնքի վրայ հիմնուած։ Կ՚ըսէ, թէ ատեանը Ազերպայճանի ծանր ճնշումներուն ենթարկուած է, ինք եւ իր անդամակցած կազմակերպութիւնը՝ նոյնպէս, նոյնիսկ Ազերպայճանի անդադրում սպառնալիքներուն ենթարկուած են դատական գործընթացին սկիզբէն մինչեւ վերջ։