ՖՐԱՆՍԱ – Փաթրիք Ֆիորի կը պատրաստուի Հայաստանը ներկայացնելու Եւրոտեսիլ 2027-ին

Ֆրանսան ներկայացնելէ 34 տարի ետք՝ հօր կողմէ հայ, մօր կողմէ գորսիքացի երգիչը կ՚ուզէ իր հայրական արմատներուն երկիրը պաշտպանել:

Ֆրանսացի ծանօթ երգիչ Փաթրիք Ֆիորի, Շաբաթ, հոկտեմբեր 18-ին, France 2 հեռատեսիլի կայանի «Quelle époque!» հաղորդումին ընթացքին, անակնկալօրէն յայտարարեց, որ կը պատրաստուի Հայաստանը ներկայացնելու Եւրոտեսիլ 2027 երգի մրցոյթին։

Երգիչը պատասխանելով հաղորդավար Լէա Սալամէի (որ ի դէպ, ա՛ն ալ հայ է՝ մօր կողմէ) հարցումին՝ հաստատեց, որ ծրագիրը լուրջ է եւ կը թիրախաւորէ 2027 թուականը։ Այո՛, կը տեսակցիմ այս գործով զբաղող անձերուն հետ։ Սկզբունքով, 2027-ին այդ պիտի իրականանայ,– խանդավառութեամբ աւելցուց ան։

Այս ծրագիրը կը նշանակէ խորհրդանշական վերադարձ մը Փաթրիք Ֆիորիի համար։ 1993-ին, ան Ֆրանսան ներկայացուցած էր Եւրոտեսիլին «Mama Corsica» երգով (ֆրանսերէն եւ գորսիքերէն), գրաւելով չորրորդ տեղը. այդ պիտի հանդիսանար իր յաջողակ երաժշտական ուղիին սկիզբը։

Այժմ 55 տարեկան երգիչը պատրաստ կը թուի վերադառնալու Եւրոտեսիլի հարթակ, բայց այս անգամ՝ իր հայրական արմատներու երկրին՝ Հայաստանի դրօշին տակ։ Իր իսկական անունով Փաթրիք Շուշայեան, միշտ ալ հպարտութիւն յայտնած է իր հայկական արմատներուն համար։ Յունուար 2024-ին, ան յուզումով պատմած էր պատմութիւնը իր ընտանիքին, որ սերած է Շուշիէն։

Եթէ ծրագիրը իրականանայ, ան պիտի դառնայ Եւրոտեսիլին երկու տարբեր երկիր ներկայացուցած հազուագիւտ արուեստագէտներէն մէկը։