12-րդ դարու հայկական եկեղեցւոյ դռան փեղկը պիտի գնուի Լոնտոնի միջազգային աճուրդէն

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան կը յայտնէ.

«Միջնադարեան հայկական փայտագործութեան այս եզակի նմուշը՝ 12-րդ դարու հայկական եկեղեցւոյ դռան փեղկը, կառավարութեան այսօրուան որոշումով պիտի գնուի Լոնտոնի միջազգային աճուրդէն եւ պիտի փոխադրուի Հայաստանի պատմութեան թանգարան»։