Ֆրանսա կը դատապարտէ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին վրայ, նոր ճանապարհի սկզբնամասին անցակէտի տեղադրումը, որ կը հակասէ հրադադարի համաձայնագրերով ստանձնուած պարտաւորութիւններուն եւ վնաս կը հասցնէ բանակցային գործընթացին։
Ֆրանսա Ազերպայճանին կոչ կ՚ընէ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ կեանքի կոչելու Արդարադատութեան միջազգային ատեանի Փետրուար 22-ի որոշումով պահանջուող միջանկեալ միջոցները, որոնք պարտադիր իրաւական ուժ ունին։
Ֆրանսա կը պահանջէ վերականգնել բնակչութեան՝ երթեւեկի միջոցներու եւ բեռներու անխափան ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքի երկայնքին, երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ ապահովել ժողովուրդի կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումը»: