Modern Website Header
Website Header with Working Banner

2022-ին արեւելեան կողմն աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ…

Դանիէլ Վա­րու­ժա­նի Ան­դաստա­նի տո­ղերը կը յու­շեն ոեւէ Հա­յու, ոեւէ մահ­կա­նացուի կամ քա­ղաքա­ցիի մե­ծագոյն սպա­սու­մը՝ խա­ղաղու­թիւն, մա­նաւանդ՝ պա­տերազ­մա­կան պայ­մաննե­րուն մէջ։ Վա­րու­ժա­նի Ան­դաստա­նը կա­ռու­ցուած է Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ Ան­դաստա­նի ծէ­սին վրայ, որ անոր գե­ղեց­կա­գոյն արա­րողու­թիւննե­րէն մէկն է։ Եւ որ­քա՜ն պա­տերազմներ կը մղեն պե­տու­թիւններն ու առ­հա­սարակ մար­դիկ յա­նուն խա­ղաղու­թեան։ Խա­ղաղու­թիւն, որ ճամ­բայ կը բա­նայ դէ­պի բեր­րիու­թիւն, առա­տու­թիւն, պտղա­բերութիւն… դէ­պի ան­դաստան։

Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին, Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր պա­տերազ­մը աւե­լի շեշ­տուեցաւ։ Մին­չեւ 1991 սո­վետա­կան մեծ ըն­տա­նիքին հո­վանիին տակ Հա­յաս­տան կը պատսպա­րուէր։ Թէեւ այն ժա­մանա­կաշրջա­նին ալ պա­տերազմ կը մղուէր, ինչպէս Հա­մաշ­խարհա­յին երկրորդ պա­տերազ­մը, որուն ըն­թացքին Հա­յաս­տան շուրջ երկու հա­րիւր հա­զար զոհ տուած է, շատ աւե­լի մեծ հա­մեմա­տու­թեամբ, բաղ­դա­տած այլ հան­րա­պետու­թիւննե­րու։ Կը մղուէր նաեւ պատերազմ ազատ աշխարհի դէմ՝ պաղ պատերազմ, եւ ներքին պատերազմ՝ քաղաքացիական իրա­ւունքներու համար։

Այսպէս, կար ժա­մանակ երբ պա­տերազմ եւ խա­ղաղու­թիւն հեր­թով, փոխ­նի­փոխ կը թա­ւալէին։ Սա­կայն, ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր պա­տերազ­մը տե­սանե­լի ու ան­տես միշտ ներ­կայ է։ Կ՚ար­ժէ պա­տերազ­միլ խա­ղաղու­թեան, ար­դա­րու­թեան, վեհ գա­ղափար­նե­րու եւ ար­ժէքնե­րու հա­մար։ Եւ ա՛յս եղած է պա­րագան Հա­յու­թեան, անոր ճա­կատա­գիրը՝ պա­տերազմ խա­ղաղու­թեան հա­մար, ինքնու­թիւնը ամ­րապնդե­լու հա­մար։ Ար­ցա­խի հա­մար մղուած պա­տերազ­մը, ժո­ղովուրդի մը իր բնօր­րա­նին մէջ խա­ղաղ ապ­րե­լու իրա­ւունքի ար­դար պայ­քարն է։

Վեր­ջին 30 տա­րինե­րուն, Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին, Հա­յու­թիւ­նը դէմ-յան­դի­ման գտնուեցաւ նա­եւ պա­տերազ­մե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան։ Պա­տերազ­մե­լու հար­կա­դրան­քին տակ գտնուեցաւ, սա­կայն մնաց ան­պատրաստ։ Ականա­տես եղաւ դա­սալ­քութեան, դրա­մով զի­նուո­րական ծա­ռայու­թե­նէն խու­սա­փելու երե­ւոյ­թին, բա­նակին յատ­կա­ցուե­լիք վառելա­նիւ­թի եւ այլ պա­րէն­նե­րու կո­ղոպու­տին, դիր­քե­րու թե­րի կա­հաւոր­ման, պատսպա­րան­ներ, պատ­նէշներ շի­նելու բա­ցակա­յու­թեան, խրա­մատ­ներ բա­նալու գործին մէջ ան­փութու­թեան, նո­րարար զի­նամ­թերք ձեռք բե­րելու գործին մէջ ան­տարբե­րու­թեան, թշնա­միին ու­ժը գնա­հատե­լու ան­կա­րողու­թեան… փո­խարէ­նը՝ կա­ռու­ցուեցան բարձրաս­տի­ճան զի­նուո­րական­նե­րու անձնա­կան դղեակ­ներ, զի­նուոր­ներ գոր­ծա­ծուե­ցան անոնց մաս­նա­ւոր ծա­ռայու­թիւններ մա­տու­ցե­լու… 44-օրեայ պա­տերազ­մը մսխուած 20 տա­րինե­րու հետեւանք է։

Կաս­կա­­ծէ վեր է որ՝ պէ՛տք է պա­­տերազ­­միլ, պէ՛տք է պայ­­քա­­­րիլ ազա­­տու­­թիւն, ինքնո­­րոշում, խա­­ղա­­ղու­­թիւն, բա­­րօրու­­թիւն ձեռք բե­­րե­­լու հա­­մար։ 44-օր­եայ պա­­տերազ­­մը ցոյց տո­ւաւ հայ­կա­կան բա­նակին ան­պատրաս­տութիւ­նը։ Զինուորական հրա­մանա­տարու­թիւնը գի­տէր պա­տերազ­մին ան­խուսա­փելի բնոյ­թը, սա­կայն զբա­ղած էր բա­նակը շա­հագոր­ծե­լով։ Պէտք է պայքարիլ 2000 թո­ւական­­նե­­­րէն սկսեալ բա­­նա­­կի հե­­րոսու­­թիւննե­­րը ինք­նա­­գովեր­­գող, յո­­խոր­­տա­­­ցող, պար­­տու­թեան առաջ­­նորդող ղե­­կա­­վար­­նե­­­րուն վե­­րադար­­ձին դէմ։

Պար­տութիւ­նը ամ­րապնդեց խա­ղաղու­թեան տենչացող ճա­կատը։ Սա­կայն առանց պա­տերազ­մի պատ­րաստու­թեան՝ չկայ խա­ղաղու­թիւն։ Եւ այ­սօ­րուան ու վա­ղուան պա­տերազ­մը աւե­լի դա­ժան է։ Ներ­քին է եւ ար­տա­քին։ Առա­ջին պա­տերազ­մը իրենց թե­րու­թիւննե­րուն, իրենց թե­րացումնե­րուն չգի­տակ­ցող ղե­կավար­նե­րուն դէմ մղուելիք պա­տերազմն է։ Եւ այս առա­ջին պա­տերազ­մին յաղ­թե­լու հա­մար զի­նեալ ու­ժէն աւե­լի պէտք է հա­ւատ­քի ու­ժը, հա­մոզու­մի ու­ժը։ Այ­սօր, թէեւ պար­տուած, բայց պա­տերազ­մին մասնակից արդար, խոհեմ ու գիտակից զինուորականներ կան, որոնք պէտք է ստանձնեն առաջնորդութիւնը ու հրամանատարութիւնը։ Այս սե­րունդն է, որ պիտի վերանորոգէ բանակը եւ կերտէ յաղթանակը, հաստատէ խաղաղութիւնը։

Ժ.Չ. ■