Modern Website Header
Website Header with Working Banner

2022 Մայիս 6-էն 8 տեղի կ՚ունենայ Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 2022 Մայիս 6-էն 8, Մարսիլիոյ մէջ:

Այս ծրագրին միջոցով, հայ երիտասարդը (18-28 տարեկան) պիտի պեղէ իր ինքնութիւնը եւ պիտի ծանօթանայ հայկական մշակոյթին, ինչպէս նաեւ անիկա  հայ երիտասարդութեան առիթ պիտի ընծայէ իրենց նմանողներու հետ կապեր ստեղծելու, միասնաբար բացայայտելու համար իրենց հասարակաց հայկական ինքնութիւնը եւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ:

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին կրնան մասնակցիլ աշխարհի տարբեր երկիրներէ 18-28 տարիքի հայ ուսանողներ։ 

Մասնակցութեան սակն է` 200 եւրօ, որ կ՚ընդգրկէ արձանագրութիւն, սնունդ, կեցութիւն, քաղաքին մէջ պտոյտներ եւ աշխատանոցներու մասնակցութիւն:  Արձանագրութեան վերջին ժամկէտ` 2022 Ապրիլ 20:

Յայտնենք, թէ հաւաքի աշխատանոցները տեղի պիտի ունենան Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանին մէջ: