Դանիէլ Վարուժանի Անդաստանի տողերը կը յուշեն ոեւէ Հայու, ոեւէ մահկանացուի կամ քաղաքացիի մեծագոյն սպասումը՝ խաղաղութիւն, մանաւանդ՝ պատերազմական պայմաններուն մէջ։ Վարուժանի Անդաստանը կառուցուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Անդաստանի ծէսին վրայ, որ անոր գեղեցկագոյն արարողութիւններէն մէկն է։ Եւ որքա՜ն պատերազմներ կը մղեն պետութիւններն ու առհասարակ մարդիկ յանուն խաղաղութեան։ Խաղաղութիւն, որ ճամբայ կը բանայ դէպի բերրիութիւն, առատութիւն, պտղաբերութիւն… դէպի անդաստան։
Հայաստանի պարագային, Անկախութենէն ի վեր պատերազմը աւելի շեշտուեցաւ։ Մինչեւ 1991 սովետական մեծ ընտանիքին հովանիին տակ Հայաստան կը պատսպարուէր։ Թէեւ այն ժամանակաշրջանին ալ պատերազմ կը մղուէր, ինչպէս Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը, որուն ընթացքին Հայաստան շուրջ երկու հարիւր հազար զոհ տուած է, շատ աւելի մեծ համեմատութեամբ, բաղդատած այլ հանրապետութիւններու։ Կը մղուէր նաեւ պատերազմ ազատ աշխարհի դէմ՝ պաղ պատերազմ, եւ ներքին պատերազմ՝ քաղաքացիական իրաւունքներու համար։
Այսպէս, կար ժամանակ երբ պատերազմ եւ խաղաղութիւն հերթով, փոխնիփոխ կը թաւալէին։ Սակայն, անկախութենէն ի վեր պատերազմը տեսանելի ու անտես միշտ ներկայ է։ Կ՚արժէ պատերազմիլ խաղաղութեան, արդարութեան, վեհ գաղափարներու եւ արժէքներու համար։ Եւ ա՛յս եղած է պարագան Հայութեան, անոր ճակատագիրը՝ պատերազմ խաղաղութեան համար, ինքնութիւնը ամրապնդելու համար։ Արցախի համար մղուած պատերազմը, ժողովուրդի մը իր բնօրրանին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքի արդար պայքարն է։
Վերջին 30 տարիներուն, Հայաստանի պարագային, Հայութիւնը դէմ-յանդիման գտնուեցաւ նաեւ պատերազմելու անհրաժեշտութեան։ Պատերազմելու հարկադրանքին տակ գտնուեցաւ, սակայն մնաց անպատրաստ։ Ականատես եղաւ դասալքութեան, դրամով զինուորական ծառայութենէն խուսափելու երեւոյթին, բանակին յատկացուելիք վառելանիւթի եւ այլ պարէններու կողոպուտին, դիրքերու թերի կահաւորման, պատսպարաններ, պատնէշներ շինելու բացակայութեան, խրամատներ բանալու գործին մէջ անփութութեան, նորարար զինամթերք ձեռք բերելու գործին մէջ անտարբերութեան, թշնամիին ուժը գնահատելու անկարողութեան… փոխարէնը՝ կառուցուեցան բարձրաստիճան զինուորականներու անձնական դղեակներ, զինուորներ գործածուեցան անոնց մասնաւոր ծառայութիւններ մատուցելու… 44-օրեայ պատերազմը մսխուած 20 տարիներու հետեւանք է։
Կասկածէ վեր է որ՝ պէ՛տք է պատերազմիլ, պէ՛տք է պայքարիլ ազատութիւն, ինքնորոշում, խաղաղութիւն, բարօրութիւն ձեռք բերելու համար։ 44-օրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ հայկական բանակին անպատրաստութիւնը։ Զինուորական հրամանատարութիւնը գիտէր պատերազմին անխուսափելի բնոյթը, սակայն զբաղած էր բանակը շահագործելով։ Պէտք է պայքարիլ 2000 թուականներէն սկսեալ բանակի հերոսութիւնները ինքնագովերգող, յոխորտացող, պարտութեան առաջնորդող ղեկավարներուն վերադարձին դէմ։
Պարտութիւնը ամրապնդեց խաղաղութեան տենչացող ճակատը։ Սակայն առանց պատերազմի պատրաստութեան՝ չկայ խաղաղութիւն։ Եւ այսօրուան ու վաղուան պատերազմը աւելի դաժան է։ Ներքին է եւ արտաքին։ Առաջին պատերազմը իրենց թերութիւններուն, իրենց թերացումներուն չգիտակցող ղեկավարներուն դէմ մղուելիք պատերազմն է։ Եւ այս առաջին պատերազմին յաղթելու համար զինեալ ուժէն աւելի պէտք է հաւատքի ուժը, համոզումի ուժը։ Այսօր, թէեւ պարտուած, բայց պատերազմին մասնակից արդար, խոհեմ ու գիտակից զինուորականներ կան, որոնք պէտք է ստանձնեն առաջնորդութիւնը ու հրամանատարութիւնը։ Այս սերունդն է, որ պիտի վերանորոգէ բանակը եւ կերտէ յաղթանակը, հաստատէ խաղաղութիւնը։
Ժ.Չ. ■